Սոնա Պատալեան
Չորեքշաբթի, 3 Նոյեմբերի առաւօտեան եռուզեռ կը տիրէր Սահակ Մեսրոպ վարժարանի շրջափակին մէջ։ Յարգելով համաճարակի պայմանները, սահմանափակ թիւով ծնողներ կը փութային՝ ականատես եւ ականջալուր ըլլալու իրենց զաւակներու Թարգմանչացի յայտագիրի ելոյթներուն։
Աչքառու էր բեմը, ուր կանգնած էր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց, շրջապատուած այբուբենով եւ եռագոյն դրօշով։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ դպրոցիս տնօրէնուհի Մարալ Պոյաճեան, որ ողջունեց ներկաները՝ փառք տալով, որ առիթ ընծայուեցաւ այս օրը միասին հրճուելու եւ մեր աշակերտներուն աշխատանքը վայելելու մեր հոգիներով։
Առաջին առիթով, վայելեցինք նախամանկապարտէզի եւ մանկապարտէզի փոքրիկներուն դողդոջուն շրթներով արտասանուած աշնանային եւ հայրենասիրական երգերը եւ արտասանութիւնները, որոնք ուրախութիւն պատճառեցին իրենց ծնողներուն։
Ապա կարգն էր Ա. Բ. եւ Գ. դասարաններուն, որոնք կատարեցին պատկերաւոր ներկայացումներ՝ փառաբանելով Մեսրոպ Մաշտոցի, Սահակ Կաթողիկոսի եւ Վռամշապուհ թագաւորի համագործակցութիւնը, հայ ազգի գոյատեւման ի խնդիր։ Աշակերտները յիշեցին վերոյիշեալներուն կատարած դերը, վեր առնելով հայ լեզուի կարեւորութիւնը, նոյն ժամանակ պանծացնելով մեր թարգմանիչները։
Ակներեւ էին իւրաքանչիւրին ինքնավստահ եւ խրոխտ ելոյթները, յատկանշական գլխարկներով։ Բաւարարուած կը զգայինք նաեւ ունկնդրելով խմբային ոգեւորիչ արտասանութիւնները եւ խմբերգները, որոնք կը հրապուրէին ներկաները։
Յայտագիրի երրորդ մասը կ՛ընդգրկէր Դ., Զ. եւ Է. դասարաններու ելոյթները։ Հրամցուեցան խմբային արտասանութիւններ եւ խմբերգներ եւ Է. դասարանին աշակերտները ներկայացուցին փոքր թատրոն մը, զուարճացնելով իրենց ծնողները։

Շնորհաւորելի էին մեր սիրասուն աշակերտները, որոնք հպարտօրէն՝ իբրեւ տիպար հայեր կատարեցին իրենց դերերը, քաջ գիտնալով Ս. Մեսրոպի առաքելութիւնը եւ հայ դարբնոցին կարեւորութիւնը։
Յատկանշական եւ յիշատակելի էին տնօրէնուհիին շնորհաւորական խօսքերը, որոնք կ՛ակնարկէին հայ ուսուցիչներուն անսակարկ նուիրումով աշխատանքը, պահպանելու համար հայ մշակոյթը։
Տնօրէնուհին անակնկալօրէն բեմ հրաւիրեց Սոնա Պատալեանը, որ 20 տարիներ ծառայած էր Սահակ Մեսրոպ վարժարանին։ Ան բեմ հրաւիրեց նաեւ Հոգաբարձական կազմի ներկայացուցիչները եւ գնահատեց ու պարգեւատրեց Պատալեանը, որ մեծ սիրով եւ եռանդով աշխատած էր, ջանք չխնայելով նոր սերունդին փոխանցելու հայ լեզուն եւ մշակոյթը։ Պարգեւատրեալը, իր կարգին, զգացուած շնորհակալութիւն յայտնեց, որ հեզասահ եւ ուրախ օրեր ունեցած է Սահակ Մեսրոպ վարժարանին մէջ, նոյն ժամանակ գոհունակ ըլլալով այս պատմական օրէն։
Սահակ Մեսրոպի աշակերտները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին, հայերէնով արտայայտուելով եւ խոստանալով, որ միշտ պիտի յիշեն մեր մշակոյթը եւ ինքնութիւնը, ըլլալով տիպար հայորդիներ, չմոռնալով հայ լեզուի կարեւորութիւնը մեր դպրոցին մէջ, քաջ հաւատալով, որ լեզուն մեզ կանգուն պիտի պահէ այս օտար ափերուն մէջ։
Ծնողներմ գոհունակ սրտով, բաւարարուած եւ ըմբոշխնած այս ձեռնարկը՝ վերադարձան իրենց տուները, իրենց զաւակները վստահելով Սահակ Մեսրոպ վարժարանի դաստիարակութեան եւ ուսումնական մակարդակին, ապագայի լաւ երազներով եւ բաղձանքներով։
Յայտագիրի աւարտին, դպրոցիս ծնողական յանձնախումբը հրամցուց հայկական «մանթը» ճաշը։