ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- 16 Նոյեմբերին, Հայաստանի արեւելեան սահմանագօտիին վրայ ծաւալած մարտերուն ընթացքին հայկական կողմը, այս պահու տուեալներով՝ ունի 6 զոհեր, որոնցմէ երեքին մարմինները 19 Նոյեմբերին Ատրպէյճան յանձնեց հայկական կողմին։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ զոհուած զինուորներն են` 31ամեայ աւագ տեղական Տարօն Ջիւանի Սահակեան, պայմանագրային զինուորներ 30ամեայ կրտսեր սերժանտ Մերուժան Արթուրի Յարութիւնեան, 31ամեայ շարքային Գուրգէն Աշոտի Սարգսեան, 23ամեայ կրտսեր սերժանտ Արթուր Ջիւանի Մարտիրոսեան եւ 41ամեայ շարքային Դաւիթ Հելբերտի Ամիրեան, իսկ զոհուածի մը ինքնութիւնը տակաւին յստակացած չէ:
Ռուսական կողմին միջնորդութեամբ եւ մասնակցութեամբ կը շարունակուին հետեւողական աշխատանքները` մարտերուն իբրեւ արդիւնք գերի տարուած զինուորներու վերադարձին եւ անհետ կորսուածները յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ 19 Նոյեմբերի դրութեամբ՝ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը վերահսկուի Հայաստանի զինուած ուժերուն կողմէ։
Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը յայտնեց, որ ատրպէյճանական կողմը ռուս խաղաղապահ զօրակազմին միջնորդութեամբ, Հայաստանի սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ մարտերուն զոհուած 3 հայ զինուորներու մարմինները յանձնեց:
Ըստ նախնական տուեալներու` մարմինները տարհանուած են Սիւնիքի մարզի Իշխանասար գիւղի տարածքէն, իսկ աւելի ուշ անոնք տեղափոխուած են Երեւան:
Ազգային ժողովի պաշտպանութեան յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը ի՛նչ բովանդակութեամբ առաջարկ ներկայացուցած է՝ ըսաւ. «Որոշակի տեխնիկական հարցերի շուրջ համաձայնութիւն ձեռք բերելուց յետոյ Հայաստանը պատրաստ է սկսել յանձնաժողովի ձեւաւորման գործընթացը` ի պատասխան Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ սահմանների սահմանազատման եւ սահմանագծման նախապատրաստական փուլի վերաբերեալ ՌԴ առաջարկի: Խօսքը գնում է զրոյական կէտից սկսելու մասին: Եւ Հայաստանն տուել է իր համաձայնութիւնն այդ աշխատանքների սկզբին մասնակցելու համար: Վարչապետը դրա մասին է ասել»: