Երեքշաբթի, 9 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Ազգային առաջնորդարանին մէջ, իր կողքին ունենալով Ազգային վարչութեան անդամներ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, թեմակալ առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, ընդունեց այցելութիւնը Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմնին եւ գործավարներուն, ուղեկցութեամբ ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեանի:
Հանդիպման ընթացքին տիրեց երկխօսութեան ջերմ մթնոլորտ: Առաջնորդ սրբազան հայրը առաջին հերթին բարձր գնահատեց Ազգային վարժարանները, անոնց տնօրէններն ու Ուսումնական խորհուրդները՝ նշելով, որ անոնք բծախնդիր աշխատանք կը տանին գաղութի կեանքէն ներս՝ հայապահպանման առումով լաւապէս հսկելով հայ աշակերտներու հայեցի դաստիարակութեան եւ մասնագիտօրէն իրականացնելով կրթական ծրագիրի ամբողջացման աշխատանք:
Այս առիթով, առաջնորդը նաեւ բարձր գնահատեց Խնամակալ մարմինը, որ թէ՛ իբրեւ հսկող, թէ՛ իբրեւ պատասխանատու մարմին՝ եզակի եւ ամբողջական դերակատարութիւն ունի Ազգային վարժարաններու առողջ պահպանման, ընդարձակման եւ բարգաւաճման առաքելութեան մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը, Թորգոմ եպիսկոպոսը յիշեցման կարգով հրաւիրեց Ազգային վարչութիւնն ու Խնամակալ մարմինը՝ բոլոր մարզերուն մէջ յաւելեալ ուշադրութիւն ցուցաբերելու հայերէն եւ հայկական նիւթեր աւանդող ուսուցիչներու նկատմամբ:
Խնամակալ մարմինի ատենապետ Սարգիս Ուրֆալեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ դիտել տալով, որ առաջնորդին հովանաւորութեամբ, Ազգային վարժարանները հետզհետէ աւելի եւս կը յառաջդիմեն եւ կը բարեզարդուին: Ան միաժամանակ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Ազգային վարչութեան, որ իր ամբողջական զօրակցութիւնը չի զլանար՝ ի նպաստ Խնամակալ մարմնի բոլոր ծրագիրներուն եւ գործունէութեան:
Հանդիպման աւարտին, շինիչ արտայայտութիւններով եւ գնահատանքի խօսքերով զրոյցին մասնակից դարձան Ազգային վարչութեան եւ Խնամակալ մարմինի անդամները: Առաջնորդ սրբազան հայրը յիշեցուց բոլորին, որ Ազգային առաջնորդարանը մայրն է Ազգային վարժարաններուն եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Մեր վարժարանները իրենց աշխատանքով ու գործունէութեամբ պատուաբեր զաւակներ են, որոնք պարծանք կը բերեն Ազգային առաջնորդարանին»: