
ՖՐԵԶՆՕ․- Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը (SAS) կը հաղորդէ, թէ 6 Նոյեմբերին տեղի ունեցած առցանց ձեռնարկի մը ընթացքին, ընկերակցութեան «Կեանքի մը իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեցաւ հեղինակաւոր հայագէտ փրոֆ. Սեդա Տատոյեանին, գնահատելով անոր բերած արժէքաւոր նպաստը հայագիտութեան զարգացման ջանքերուն վերջին առաւել քան 40 տարիներուն ընթացքին։
Հալէպ ծնած եւ հասակ նետած Տատոյեան հեղինակ է առաւել քան10 հատորներու եւ բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներու:
Տատոյեան տիրացած է փիլիսոփայութեան մէջ գիտութիւններու դոկտորի աստիճանին՝ մասնագիտանալով հայ փիլիսոփայութեան ճիւղին մէջ: Ան 1981-1986 դասախօսած է Լիբանանի Հայկազեան եւ «Էլ. Էյ. Եու.» համալսարաններուն մէջ, 1986-2005՝ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, 2002ին եւ 2006ին իբրեւ դասախօս հրաւիրուած է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանի Արեւելեան գիտութիւններու բաժանմունքին կողմէ, 2007-2010 դասախօսած է Ս. Ներսէս ընծայարանին մէջ: 2010ին Շիքակոյի համալսարանին մէջ դասախօսած է «Հայ-իսլամական փոխյարաբերութիւններ» նիւթին շուրջ եւ 2011ին դասախօս եղած է Երեւանի պետական համալսարանի երեք տարբեր բաժանմունքներու մէջ:
Տատոյեանի ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են միջնադարեան եւ արդի հայոց պատմութեան եւ յատկապէս՝ հայ-իսլամական կապերուն վրայ։ Անոր «Ֆաթիմիական Հայերը» եւ եռահատոր «Հայերը Միջնադարու Իսլամական Աշխարհին Մէջ» գործերը կը նկատուին բոլորովին նոր վերլուծումներ, որոնք միջին-արեւելեան միջավայրին մէջ կը վերարժեւորեն հայոց պատմական փորձառութիւնը, յարաբերութիւնները եւ դերը:
Ան արժանացած է «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» եւ շարք մը այլ շքանշաններու: