ԱԹԷՆՔ.- Արցախի վրայ սանձազերծուած 44օրեայ պատերազմի հրադադարի տարելիցը ընդվզումի մեծ ալիք մը բարձրացուց ամբողջ հայութեան մէջ, որ արդէն իսկ այս օրերուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջնորդութեամբ, հայ գաղութներուն մէջ կ՛արտայայտուի բողոքի հաւաքներով՝ ընդդէմ թուրք-ատրպէյճանական շարունակուող յարձակողականութեան:
Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան համակազմակերպութեամբ՝ յունահայութիւնը իր բողոքը արտայայտեց Կիրակի, 7 Նոյեմբերի երեկոյեան, Յունաստանի խորհրդարանին առջեւ գտնուող Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմա հրապարակին վրայ:
Արդէն, օրեր առաջ, ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ, տեղեկատուական յատուկ կրպակ մը կանգնած էր հրապարակի կեդրոնը, որուն շուրջ մէկտեղուեցաւ Աթէնքի հայութիւնը եւ ճամբայ ելաւ դէպի թրքական դեսպանատուն:
Կանուխէն, հոն հասած էին ՀՅԴ Երիտասարդական եւ Պատանեկան միութիւններու անդամները, որոնք Արցախի զօրակցութեան լօզունգով յատուկ շապիկներ հագած` իւրայատուկ պատկեր մը կը ներկայացնէին: Հարիւրաւոր հայրենակիցներ արդէն բոլորուած էին կրպակին շուրջ, ուրկէ հայկական երգերով եւ տեղեկատուական խօսքերով մեր երիտասարդները իրազեկ կը դարձնէին անցնող հասարակութիւնը:
Նախքան քայլարշաւի մեկնարկը, հրապարակին վրայ գործադրուեցաւ յատուկ յայտագիր մը: Ներկայ էին Յունաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Ազգային վարչութեան անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչները, կոմիտէներու կազմերը եւ բազմաթիւ երիտասարդութիւն: Ներկայ էին նաեւ Յունաստանի Համապոնտական միութեան նախագահ Եորղոս Վարիթիմիասիս եւ Պոնտական երիտատարդական միութեան ներկայացուցիչը:
Յայտագիրի սկիզբը, Պատանեկան միութեան 44 անդամներ, խորհրդանշելով պատերազմի 44 դառն օրերը, կանգնեցան հրապարակի աստիճաններուն վրայ, իրենց ձեռքերուն ունենալով Արցախի դրօշը, իսկ անոնց բերանները կապուած էին լռութեան նշաններով՝ լուռ բողոքի յատկանշական եւ միաժամանակ յուզիչ պատկերը տալով:
Խօսքերու աւարտին, պատասխանատուներու ազդանշանին հետեւելով, համախմբուած ժողովուրդը ճամբայ ելաւ դէպի թրքական դեսպանատունը:
Ժողովրդային մեծ շարքին սկիզբը կը քալէին 44 պատանիները՝ Արցախի դրօշը իրենց ձեռքին ու կը յաջորդէին ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները պաստառներով եւ հայկական դրօշակներով: Անոնց ետեւը տպաւորիչ էր ժողովուրդի ներկայութիւնը, որ կը հետեւէր նաեւ բարձրախօսներէն արտասանուած խօսքերուն, որոնք քայլարշաւի ամբողջ տեւողութեան կը լսուէին եւ անցորդները տեղեակ կը պահէին: Պէտք է նշել նաեւ, որ ոստիկանական ուժերու ներկայութիւնը զգալի էր, մինչ ժողովուրդը խաղաղ, սակայն լուռ ցասումով քալեց օրինաւորութեամբ եւ յարգանքով՝ ընդվզումի ալիքին ընդմէջէն իր անթիւ նահատակներու յիշատակը յարգելով:
Ժողովրդային երթը կանգ առաւ թրքական դեսպանատունէն որոշ հեռաւորութեան վրայ՝ Ռիղիլիս հրապարակին առջեւ, մինչ ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժները փակած էին ճամբան դէպի դեսպանատուն:
Տեղւոյն վրայ, Պատանեկան եւ Երիտասարդական միաւորներու անդամները շարուեցան ժողովուրդին առջեւ եւ իրենց դրօշակներով ստեղծեցին հայկական գոյներու տպաւորիչ պատ մը: Հոն էր, որ ի նշան բողոքի եւ բուռն ընդվզումի, պատանիները իրենց բերաններէն քաշեցին լռութեան նշանները, ցոյց տալով պայքարի պատրաստակամութիւնը թրքական դեսպանատան դիմաց:
Համախմբուած ժողովուրդը ունկնդրեց Հայ Դատի յանձնախումբի մամլոյ յայտարարութիւնը, որ անմիջապէս պիտի ուղարկուէր յունական եւ օտար մամուլին:
Հաւաքի աւարտէն առաջ, տեղի ունեցաւ յատուկ մոմավառութիւն: ՀՅԴ Պատանեկան միութեան 44 անդամները իրենց ձեռքերուն մէջ ունէին սպիտակ օդապարիկներ, որոնց մէջ վառած էին յատուկ ճրագներ: Մէկ անգամէն, բոլոր օդապարիկները երկինք բարձրացան, երեկոյեան մութին մէջ ստեղծելով տպաւորիչ պատկեր մը:
Ժողովրդային բողոքի հաւաքը թրքական դեսպանատան առջեւ վերջ գտաւ ներկաներուն կողմէ միաբերան երգուած հայկական եւ յունական ոգերգներով:
ՀՅԴ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԿՐՊԱԿԸ
Արցախի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին եւ հետեւանքներուն մասին յոյն ժողովուրդը իրազեկելու նպատակով, 6-8 Նոյեմբերին, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը յատուկ կրպակ մը զետեղած էր Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, որուն մէջ եւ անոր շուրջը կանգնած էին յատուկ պաստառներ՝ պատկերներով, քարտէսներով եւ տեղեկատուական բաժիններով: Բանուկ հրապարակէն անցնող յոյն եւ օտար քաղաքացիները մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեցին Արցախի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին առնչութեամբ, նոյն ժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին հայ ժողովուրդի արդար պայքարին: