ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 8 Նոյեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 3ի շուրջ, Շուշի քաղաքի մօտակայ խաչմերուկին վրայ ատրպէյճանական կողմը կրակոցներ արձակեց նշեալ վայրին մէջ ենթակառուցուածքներու վերականգնման նպատակով շինարարարական աշխատանքներ կատարող քաղաքացիներու վրայ: Լուրը հաղորդեց Արցախի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը:
Այդ դէպքին պատճառով արձանագրուեցան զոհ մը եւ երեք վիրաւորներ, որոնք տեղափոխուեցան Ստեփանակերտի հիւանդանոցը. անոնցմէ մէկուն վիճակը, ըստ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, ծանր է, իսկ երկուքը՝ միջին ծանրութեան:
Արցախի դատախազութիւնը իր կարգին դիտել տուաւ, որ դէպքին հանգամանքները պարզելու, իրական պատճառները բացայայտելու եւ իրաւական գնահատական տալու համար, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, ոստիկանութեան խումբերու եւ քննչական կոմիտէի քննիչները տեղւոյն վրայ կը կատարեն անյետաձգելի հետախուզական, քննչական ու դատավարական այլ գործողութիւններ: Նշուեցաւ, որ այս աշխատանքը կը կատարուի ռուսական խաղաղապահ ուժերուն հետ գործակցաբար: Այդ պատճառով ալ կարճ ժամանակով երթեւեկը դադրեցուեցաւ Ստեփանակերտ-Շուշի-Բերձոր հատուածին մէջ, իսկ աւելի ուշ անիկա վերսկսաւ:
Հաղորդագրութեան մը միջոցաւ դէպքը խստօրէն դատապարտեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ զայն նկատելով Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ 9 Նոյեմբեր 2020ին յայտարարութեամբ հաստատուած զինադադարի կոպիտ խախտում: «Յատկանշական է, որ միջադէպը տեղի է ունեցել եռակողմ յայտարարութեան ստորագրման մէկամեակի նախօրէին եւ Ադրբեջանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի՝ Շուշի այցի օրը, որտեղ վերջինս իր ելոյթում հանդէս է եկել հերթական հայատեաց հռետորաբանութեամբ լի յայտարարութեամբ եւ ուժի կիրառման սպառնալիքներով», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան շարունակական հայատեաց հռետորաբանութիւնը եւ զինադադարի դրութեան խախտումով կրկնուող միջադէպերը բացայայտօրէն ցոյց կու տան Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու վերաբերեալ պաշտօնական Պաքուի կողմէ հնչող յայտարարութիւններուն սին բնոյթը:
«Հարկ է նշել, որ ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից սա վերջին մէկ ամսուայ ընթացքում խաղաղ բնակիչների վրայ յարձակման երկրորդ դէպքն է, որի արդիւնքում արձանագրւում են մարդկային զոհեր: Վստահ ենք, որ այս եւ նման յանցագործութիւնների պատշաճ հետաքննութիւնը եւ բոլոր պատասխանատուների արդարադատութեան առջեւ կանգնելը կարող է կանխել քաղաքացիական բնակչութեան նկատմամբ հետագայ յարձակումները: Ցաւակցութիւն ենք յայտնում զոհուածի հարազատներին եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթում բոլոր վիրաւորներին», կ՛ըսուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւս անդրադարձաւ դէպքին՝ զայն նկատելով հայ ժողովուրդին նկատմամբ ատրպէյճանական կողմի «հայատեաց, ցեղասպան ու ցեղապաշտական վարքագիծի հերթական ապացոյց»: