ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ ազգայնական երիտասարդական միութիւնը յայտարարեց, որ իր անդամները Պոլսոյ Սարայպուրնու շրջանին մէջ պարկեր անցուցած են ամերիկացի զինուորներու գլխուն:
«Տուվարինկլիշ» կայքը կը գրէ, որ կ՛ենթադրուի, թէ այդ զինուորները Միացեալ Նահանգներու ծովուժի «Մաունթ Ուիթնի» մարտանաւի անձնակազմէն են:
Նշեալ միութիւնը այս քայլին դիմած է՝ իբրեւ բողոք 2003ի Յուլիսի միջադէպին դէմ, երբ հիւսիսային Իրաքի մէջ գործող թրքական մասնայատուկ ուժերու խումբը ձերբակալուած էր ամերիկեան ուժերուն կողմէ: Վերջիններս թուրք զինուորներու գլուխներուն պարկեր անցուցած եւ տարած էին հարցաքննութեան: