ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ»․- Մինչ Ռիատի հասցէին կատարուած Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի մէկ յայտարարութեան գծով Սէուտական Արաբիոյ հետ դիւանագիտական խզուած յարաբերութիւնները վերահաստատելու ջանքերը կը շարունակուէին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերու ընտանիքները կատարեցին երկու նստացոյցեր, որոնցմէ առաջինը` Պանդուխտի յուշարձանին, իսկ երկրորդը` նաւահանգիստի 3րդ դարպասին դիմաց:
Ընտանիքներուն անունով հաստատուեցաւ, որ այս նստացոյցերը պիտի շարունակուին ամսական դրութեամբ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ ճշմարտութիւնը բացայայտել, արդարութիւնը պարտադրել եւ հաշուետուութեան կանչել այդ պայթումին բոլոր պատասխանատուները:
Ընտանիքները խստօրէն դատապարտեցին նախկին իշխանաւորներու կողմէ պայթումին հետաքննութիւնը արգելակելու ճիգերը` հաստատելով սակայն, որ արդարութիւնը անկասկած պիտի պարտադրուի:
Ընտանիքները դատապարտեցին նաեւ նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթարի վրայ կատարուած յարձակումները եւ զօրակցութիւն յայտնեցին դատաւորին` պահանջելով ամբաստանեալներուն ձերբակալութիւնը: