ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր ամբողջ ընտանիքը փողոց վազեց՝ զարմանքի ու հիացումի ձայներ ու ճիչեր արձակելով: Պատճա՞ռը այդ անակնկալ ուրախութեան՝ սիրամարգը. աւելի ճիշդ՝ սիրամարգերու ընտանիք մը, որ զինք լուսանկարելու համար կանգ առած ինքնաշարժներուն առջեւէն կը տողանցէր անհոգ ու կ՛անցնէր մէկ մայթէն միւսը: Հանդիսաւոր այս երթը նման էր նորաձեւութիւններու ցուցադրութիւններուն: Արու սիրամարգը, ընտանիքին գեղեցիկը, մեծահամբաւ ձեւաւորողի զգեստ ցուցադրողի նման կը քալէր հպարտութեամբ, սիգաճեմ, կարծես հայելիին առջեւ կը կոտրտուէր՝ գիտակցելով, թէ իր շքեղ, երփներանգ «աչքերով» զարդարուած փետուրները շլացուցիչ են ու կը հրապուրեն դիտողը: Մինչեւ որ այդ երամը կատարէ իր անցումը, մենք զրուցենք «սիրամարգ» բառին եւ անոր պճնազարդ պատմութեան մասին:
Նման շքերթ մըն ալ մեր լեզուին մէջ կատարեց ու կը շարունակէ կատարել «սիրամարգ» բառը: Աչքառու գոյական է անիկա: Ունի բանաստեղծներ ու աշուղներ հմայող գեղեցկութիւն: Բնիկ հայկական բառ է «սիրամարգ»ը: Ըստ ժողովրդական զրոյցի, անիկա յառաջացած է «սիրուն» եւ «մարգ» բառերու միաձուլումէն: Լեզուաբաններ, ընդունելով հանդերձ այդ բացատրութեան գեղեցկութիւնը, համաձայն չեն անոր ու կը շարունակեն որոնել բառին ստոյգ արմատները:
«Սիրամարգ» բառը առաջին անգամ ե՞րբ յայտնուեցաւ հայկական լեզուաշխարհին մէջ: Ան ե՞րբ բացաւ իր փետուրները ու ցուցադրեց իր գեղեցկութիւնը: 5րդ դարուն… Հակառակ անոր, որ հաւազգիներու պատկանող այդ թռչունը բնիկ էր Հնդկաստանին եւ Հեռաւոր Ասիոյ, անոր սիրունատես անունը իրեն համար արդէն համեստ բոյն մը շինած էր հայոց լեզուի մէջ Ոսկեդարուն: Աստուածաշունչի մէջ կայ «սիրամարգ» բառի մէկ գործածութիւն, թէ՝ Սողոմոն թագաւորին նաւերը ամէն տարի հեռաւոր երկիրներէ կը վերադառնային ունենալով բեռ՝ «ոսկւոյ եւ արծաթոյ, եւ ժանեաց փղաց եւ կապկաց եւ սիրամարգաց»:
«Սիրամարգ» բառը, իր թռչունին նման, նազելի՛ է: Իր գեղեցկութիւնները ցուցադրեց դանդաղօրէն, մի առ մի: Ի զուր չէ, որ մեր հիները ըսեր են՝ «Զսիրամարգին թեւն որքա՛ն շրջշրջեսն, այնքան երփն-երփն գեղեցկութեանն զառաջին տեսեալն մոռացուցանէ»: Ասիկա է պատճառը, որ ունինք «Նազել որպէս սիրամարգ» եւ «Սիգալ որպէս սիրամարգ» արտայայտութիւնները: «Սիրամարգ» բառի ոսկեդարեան սակաւաթիւ գործածութիւններէն մէկը կատարեց պատմահայր Մովսէս Խորենացին, երբ տուաւ Չինաստանի նկարագրութիւն մը. «Սքանչելի է եւ աշխարհն [ճենաց, այսինքն՝ Չինաստանի] քրքմաւէտ եւ սիրամարգաշատ եւ բազմամետաքս»: Յաջորդ դարերուն մեր լեզուն զարդարուեցաւ սիրամարգանման չորս-հինգ բառերով, ինչպէս սիրամարգածաղիկ, սիրամարգաձեւ, սիրամարգային եւ սիրամարգափասիան: 1881 թուականին, նամակի մը մէջ, Հայր Ղեւոնդ Ալիշանը գործածեց քնքոյշ արտայայտութիւն մը. «Սիրամարգափետուր Սերովբդ հրեղէն»: Վարդապետը նաեւ յօրինեց երկու այլ նկարագրութիւն. «Սիգաճեմեալ սիրամարգ», «Հեզաճեմ սիրամարգ»:
Վերոյիշեալ ածականները չեն արդարացներ բառին լիակատար գեղեցկութիւնը: Գրական նորանոր փետուրներ տեսնելու համար, պէտք էր սպասել քանի մը դար եւս: Չ՞է որ նազելի էր սիրամարգը…
Միջնադարուն, շնորհիւ բանաստեղծներու եւ տաղասացներու, գրի առնուեցան «սիրամարգ» բառի քնարական ընտիր գործածութիւնները: Ահա Ներսէս Շնորհալիի գրիչին պատկանող արտայայտութիւններու երկու տիպար. «Սիրասնունդ սիրամարգ սխրալ»ջ, «Սիրամարգ ոսկետիպ նկար»: Նոյն թուականներուն «սիրամարգ» բառը դարձաւ իգական անձնանուն: Հայկական յիշատակարանները կը վկայեն երկու տիկին Սիրամարգներ, որոնք Աւետարաններ գրել տուած են, մէկը 1436ին, Ախթամարի մէջ, իսկ միւսը 1481ին՝ Կտուց Անապատի:
Աշխարհիկ բանաստեղծութեան մէջ սիրատենչ տաղասացի եարն էր «սիրամարգ»ը: Աւետիք Դաշտեցիի «հոգի» կոչածն էր անոնցմէ մէկը. «Քալուածքդ է սագայ նման եւ դուն սիրամարգ, Հոգի՛ս»: Ապա եկան այլ տաղասացներ, որոնք սիրամարգով զարդարուած գարունը եւ սիրամարգանման սիրելին գովերգող երգեր յօրինեցին: Ականջ տանք այդ քանի մը ազնիւ խօսքերուն. «Սիրամարգ ոսկի թեւով… / Ուրախանան հետ կարմիր վարդին, հետ ճերմակ վարդին»՝ Խաչատուր Խասպէկ Կաֆացի, «Տաղ գարնան.- Սիրամարգ հաւի նման / հագեր են հալաւ գունզգուն, / Հետ զարնեն ու հետ խաղան, / ու խմեն ի յանուշ գինուն»՝ Ստեփանոս Վարագեցի, «Ո՛վ, այս անուն, մաքուր տատրակ, / Ոսկեփետուր հաւ սիրամարգ»՝ Ստեփանոս Թոխաթցի:
«Սիրամարգ» բառը կը շարունակէ գեղեցկացնել մերօրեայ հայերէնը: 1982ին, Հայֆիլմի կողմէ նկարահանուած շարժապատկեր էր անիկա՝ «Սիրամարգի Ճիչը»: 2014ին, դարձաւ կառավարութիւնը քննադատող քաղաքական խօսք՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ արձակուած. «Պետութիւնը ծանրագոյն վիճակում է, սիրամարգի կեցուածք մի ընդունէք»՝ Ռուբէն Յակոբեան: Այսօր նաեւ նախուտեստ է անիկա՝ «սիրամարգի պոչ»: Իսկ Հայաստանի մանուկներուն համար, որոնք սիրամարգը միայն կենդանաբանական պարտէզի մէջ կը տեսնեն ու դեռ հեռու են «սիրամարգ» եար ունենալէ, հանելուկ է անիկա. «Պոչը՝ շքեղ, հովհարի պէս, / Ո՞ր թռչունն է քայլում կամաց՝ / Հրապուրում բոլոր մարդկանց», «Փետուրներ են ծաղկուն, շքեղ, / Պոչը՝ երկար, հովհարաձեւ, / Ո՞ր թռչունն է, գոյնով պէս-պէս, / Անունն ասա, եթէ գիտես»:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, մեր բառապաշարին աւելցնեմ քանի մը «սիրամարգազարդ» բառեր, որպէսզի անիկա աւելի գեղեցկանայ ու ճոխանայ. երբ յաջորդ անգամ դուք տեսնէք գեղեցկուհի, որուն քայլուածքը գեղեցիկ է, զայն կոչեցէք «սիրամարգաճեմ» կամ «սիրամարգաքայլ», իսկ եթէ դէմքն է սիրուն՝ «սիրամարգատես»:
Փողոցի հանդէսը վերջացաւ: Սիրամարգերը պարտէզներու ցանկապատերէն, ցածլիկ տանիքներէն անցնելով՝ անհետացան: Մեր ընտանիքն ալ վերդարձաւ տուն: Եւ ահա իր աւարտին հասաւ «սիրամարգ» բառին շքերթը: Այսօր, իբրեւ հրաժեշտ, պիտի մէջբերեմ Գուսան Շերամի «Քեզանից բան չունեմ» երգի խօսքերը: Բայց նախ կը փափաքիմ յիշեցնել, թէ մեծ երգահանն էր, որ մէկ այլ երգի մը մէջ, աշխարհի բոլոր գեղեցկուհիներուն ազդարարած էր, թէ՝ «Թէկուզ լինիք սիրամարգ՝ / Ձեր նախշունիկ փետուրներով, / Կամ անուշիկ երգող սոխակ, / Էլի՛ եարիս եմ գովում»: Իսկ այժմ մեր աչքերը շոյեն Գուսան Շերամի «Քեզանից բան չունեմ» երգի քնքոյշ խօսքերը: Մինչ յաջորդ հանդիպում, յարգելի ընթերցող, բնութեան երփներանգ բոլոր գեղեցկութիւնները դուք կոչեցէք՝ սիրամարգ.
«Ունքերդ կամար, էրուայ քեզ համար,
Հագել ես նախշուն, դառել սիրամարգ.
Մարմինդ՝ շքեղ, աչքերդ՝ կանթեղ,
Սրտեր են հալւում հայեացքէդ ահեղ»:
Մեծ հաճոյքով կարդացի սիգաճեմ սիրամարգներու նկարագրութիւնը: Կարօտցած էի ձեր երբեմնի յօդուածները Մոնրէալի Հորիզոնի թէ Լօս Անճելըսի Ասպարէզի էջերուն: Այնքան հարստացնող են անոնք: Անհամբեր եմ ձեր յաջորդ գրութիւնները կարդալու:
Վարդի