ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հիմնարար գիտութիւններու բնագաւառին մէջ արձանագրած իր նուաճումներուն համար, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-Ռուսիա «Մենտելիեւ» միջազգային մրցանակը պիտի շնորհուի ռուսահայ գիտնական Եուրի Յովհաննիսեանին, կը հաղորդէ ՄԱԿի Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի հարցերու կազմակերպութիւնը (ԵՈՒՆԵՍՔՕ): Մրցանակը պիտի յանձնուի 15 Նոյեմբերին։ Յովհաննիսեան մրցանակը պիտի կիսէ իտալացի գիտնական Վիչենզօ Պալզանիի հետ։ Մրցանակին կ՛ընկերանան 250,000ական տոլարի նուէրներ։
Մրցանակը Յովհաննիսեանին շնորհելու որոշումը տրուած է՝ իբրեւ վարձատրութիւն անոր կատարած անկիւնադարձային գիւտերուն, «որոնք ընդարձակած են քիմիական նիւթերու աղիւսակին սահմանները», ինչպէս նաեւ համաշխարհային մակարդակով հիմնարար գիտութիւններու զարգացման աջակցելուն համար:
Յովհաննիսեանի ղեկավարութեամբ, 2000ականներուն յայտնաբերուած էին նոր քիմիական տարրեր՝ թիւ 113րդէն մինչեւ 118րդը: Այդ գիւտերուն շնորհիւ յայտնաբերուած է գերծանր միջուկներու կայունութեան բնագաւառը: Նոյեմբեր 2016ին, Տեսական եւ կիրառական տարրաբանութեան միջազգային միութիւնը (The International Union of Pure and Applied Chemistry, IUPAC) Մենտելիեւի աղիւսակի 118րդ տարրին տուած է Օկանեսոն (Og) անունը՝ ի պատիւ Եուրի Յովհաննիսեանի: Այսպիսով, Յովհաննիսեան դարձած է միայն երկրորդ գիտնականը, որ իր անունով քիմիական տարրի մը «մկրտութեան» ականատես դարձած է։