ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին առաջին անգամ ըլլալով ընտրուեցաւ ծագումով թուրք մը՝ Այտըն Էօզողուզը:
Էօզողուզ Գերմանիոյ Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ է: «Անատոլու»ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, ան նշեց, որ իր ընտրուիլը իւրայատուկ ուղերձ է Գերմանիոյ ազգային փոքրամասնութիւններուն:
«Ես ցոյց տուի, որ տարբեր ազգային ծագում ունեցող ներգաղթողները Գերմանիոյ մէջ կրնան հասնիլ որեւէ դիրքի», ընդգծեց ան: