ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի եւ Իրանի նկատմամբ՝ Արցախի տարածքով դէպի Եւրոպա թմրամիջոցներ փոխադրելու` Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մեղադրանք-յայտարարութիւնը իրականութեան հետ որեւէ աղերս չունի։ Այս մասին յայտարարութեամբ մը յայտնեց Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը` այս լուրը որակելով մտացածին:
«Դրանք զուրկ են որեւէ փաստական հիմքից, հետապնդում են Հայաստանին եւ Իրանին վարկաբեկելու անթաքոյց, սակայն ի սկզբանէ ձախողման դատապարտուած նպատակներ, նաեւ ուղղուած են հէնց Ադրբեջանի` իբրեւ թմրամիջոցների տարանցիկ երկիր լինելու իրողութիւնը թաքցնելուն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ատրպէյճանի նախագահը, ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի 15 Հոկտեմբերի հեռավար նիստին ընթացքին Հայաստանը եւ Իրանը մեղադրեց իր երկրին տարածքով դէպի Եւրոպա թմրանիւթեր փոխադրելու մէջ:
«Հայաստան՝ Իրանի հետ դաւադրութեամբ, Ատրպէյճանի բռնագրաւուած տարածքները օգտագործած է դէպի Եւրոպա թմրանիւթ փոխադրելու համար», ըսաւ Ալիեւ` առանց նոյնիսկ մէկ ապացոյց ներկայացնելու:
Վկայակոչելով Իրանի գլխաւոր դատախազին Հայաստան այցելութիւնը` Գլխաւոր դատախազութիւնը կը նշէ, որ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան եւ թմրամիջոցներու ապօրինի շրջանառութեան դէմ համատեղ պայքարը հիմք կը հանդիսանայ Հայաստանի եւ Իրանի գլխաւոր դատախազութիւններու համագործակցութեան ծրագիրէն բխող նախաձեռնութիւններուն։
Աւելի կանուխ,, պաշտօնական Թեհրանը արձագանգեց Պաքուէն հնչող մեղադրանքին` զայն սուտ որակելով: «Դրացիներուն պահանջները եւ սկզբունքները անտեսելը եւ սուտ ու ապակառուցողական յայտարարութիւնները բարի դրացիութեան եւ խոհեմութեան նշան չեն: Միջազգային հանրութեան կողմէ իբրեւ թմրամիջոցներու դէմ պայքարի հերոս ճանչցուած երկիրը մեղադրելը որեւէ արդիւնք չի տար` բացի հռետորի խօսքերու վարկաբեկումէն», Ալիեւին իբրեւ պատասխան յայտարարեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանի: