ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Ապպաս Պատախշան Զոհուրի դատապարտեց Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ գտնուող Հայաստանի հարաւային հատուածի ճամբաներէն անցնող Իրանի բեռնատարներէն տուրքեր գանձելու Ատրպէյճանի քայլը:
Դեսպանը այս մասին յայտնեց «Թասնիմ»ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին՝ ցաւալի նկատելով այն, որ Գորիս-Կապան ճանապարհով անցնող իրանեան բեռնատարները պարտաւորուած են տուրք վճարել։
Կը նշուի, որ, ըստ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած եռակողմ պայմանաւորուածութեան՝ Հայաստանի հարաւային հատուածի տարանցիկ երթուղիին մէջ իրավիճակը պէտք է մնար անփոփոխ, մինչեւ նոր երթուղիին աւարտը:
Դեսպանը բացատրեց, որ տարանցիկ երթուղին օգտագործուած է վերջին երեք տասնամեակներուն: «Իրանեան բեռնատարները տուրքեր կը վճարեն Հայաստան հասնելու ժամանակ եւ ընդունելի չէ, որ անոնք տուրք վճարեն 100 քիլոմեթր անց եւս: Մենք կ՛ակնկալենք, որ անոնք (Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը) կը դադրեցնէ այս բանը մինչեւ յաւելեալ ճամբու կառուցումը, եւ որ նոր հարցեր չեն յառաջանար», յայտնեց Զոհուրի։