Լոս Անճելըսի քայլարշաւին բացումըՏեսարան մը քայլարշաւէն Քայլարշաւի յանձնախումբը եւ համակիրները Դաւիթ Պաղտասարեանի գլխաւորած Team Knights խումբը Նուիրատուներու հարցաքննութիւն Լօրա Ֆրիտմընի ներկայացուցիչ Քրիստափոր Խաչատուր (աջին) հռչակագիրը կը յանձնէ Ռազմիկ Մողատեսեան եւ ընտանիքը՝ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտընի հետ «Փրովիտընս» երկրորդական վարժարանի խումբը Էնթընի Փորթանթինօ հռչակագիրը կը յանձնէ Մինելլա Հայրապետեան իր խօսքը կ՛արտասանէ Համաատենապետներ Հրաչ Փոսթիկ եւ տոքթ. Քրիսթինա Աշճեան Տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան
Քրեսենթա հովիտի երկրորդական վարժարանի խումբը
Պոսթընի քայլարշաւի կազմակերպիչ յանձնախումբըՊոսթընի քայլարշաւի համակիրները եւ կամաւորները Պաստառը, որուն վրայ մասնակցոները գրեցին քայլարշաւին մասնակցելու իրենց դրդապատճառը
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Այս տարի, Հայկական Ոսկրածուծի նուիրատուներու հիմնարկին ի նպաստ աւանդական դրամահաւաք-քայլարշաւը տեղի ունեցաւ միաժամանակ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ, եւ անիկա նուիրուած էր Արցախի պատերազմի զոհերուն։ Յատկանշականօրէն, երկու քայլարշաւներն ալ ունեցան մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւն։
Քայլարշաւները տեղի ունեցան Ուոթըրթաունի եւ Լոս Անճելըսի մէջ, 25 Սեպտեմբերին։
Ուոթըրթաունի քայլարշաւը իր տեսակին մէջ 10րդն էր եւ անոր մասնակցողները, առաջնորդութեամբ Ճեք Ալթունեանի եւ Հայ գործարարներու ցանցի այլ ղեկավարներու՝ քալեցին 2 մղոն, սկսելով «Մովսէսեան» կեդրոնէն եւ հասնելով Սալթընսթոն զբօսայգին։
Լոս Անճելըսի պարագային, քայլարշաւը 16րդ էր։ Անոր բացումը կատարուեցաւ Կլենտէյլի քաղաքապետութեան հրապարակին վրայ եւ անոր կը մասնակցէին մօտաւորապէս 350 համակիրներ, պետական պաշտօնատարներ, դպրոցներ ներկայացնող խումբեր եւ համայնքային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բացման արարողութեան ընթացքին, քայլարշաւի յանձնախումբի համաատենապետուհի տոքթ. Քրիսթինա Աշճեան բարի գալուստ մաղթեց մասնակցողներուն եւ յատկապէս մեծ թիւով աշակերտներու ներկայութեան համար ու ողջունեց «Փրովիտընս» երկրորդական վարժարանի խումբը, որ մեծագոյնն էր։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ այս տարի նոյն պահուն Պոսթընի մէջ եւս տեղի կ՛ունենայ քայլարշաւ եւ նշեց մասնակցող պետական պաշտօնատարներուն անունները, որոնց շարքին էին՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեան, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ներկայացուցիչ Թերեզա Լեմ Սիմսըն, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լօրա Ֆրիտմընի ներկայացուցիչ Քրիստափոր Խաչատուր եւ Կլենտէյլի միացեալ կրթաշրջանի վարչութեան անդամ Կրեկ Գրիգորեան։
Ապա բեմ բարձրացաւ քայլարշաւի յանձնախումբի համաատենապետ Հրաչ Փոսթիկ, որ շեշտեց կամաւորներու բերած ներդրումին կարեւորութիւնը այս կազմակերպութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց գլխաւոր հովանաւորներուն, որոնց կարգին էին Foundation Lab, Softline Solutions, Անտրէ եւ Իվեթ Սինանիներ, Էլլա եւ Միլա, Ժանէթ Փարսանճ, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըր, Dilbeck Real Estate-էն՝ Փօլեթ Մալեքեան, DJ Eddy O, Turnaround Time Transcription, Ռաֆիք եւ Արփի Մողատեսեան, Քարմէն Լուքասեան, pH Solutions-էն տոքթ. Ռաքէլ Քելեճեան, տոքթ. Վերժին Մատէլեան, «Փրովիտընս» երկրորդական վարժարանը եւ Porto’s Bakery and Cafe։
Արեւմտեան թեմի երկու առաջնորդարաններէն բացման աղօթքը կատարեցին հոգեւոր հայրեր Զաւէն քհնյ. Մարկոսեան եւ Մովսէս քհնյ. Շաննագեան։
Ապա ելոյթ ունեցաւ հիմնարկի հիմնադիր նախագահ տոքթ. Ֆրիտա Ճորտըն, որ շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ յանձնախումբին, ապա ան յիշեցուց, թէ անցեալ տարի հայութիւնը ինչպէս դէմ յանդիման գտնուեցաւ ոչ միայն համաճարակին, այլ նաեւ Արցախի պատերազմին, որուն հազարաւոր զոհերուն մէջ էին նաեւ հիմնարկին ոսկրածուծ նուիրողներ, խոնարհելով բոլոր զոհերուն յիշատակին առջեւ։
Ապա քաջալերական եւ դրուատիքի ելոյթներ ունեցան ու հիմնարկին հռչակագիրներ յանձնեցին Փորփանթինօ եւ Խաչատուր։
Այնուհետեւ, տոքթ. Քրիսթինա Աշճեան ներկայացուց Մինելլա Հայրապետեանը, որ խօսեցաւ քայլարշաւին մասնակցելու իր որոշումին դրդապատճառին մասին, որ ոսկրածուծի պատուաստումի կարօտ իր 9ամեայ զարմիկը եղած էր։
Արարողութեան փակումէն ետք, մասնակցողները իրականացուցին 5 քլմ. քայլարշաւը, վերադառնալով Կլենտէյլի քաղաքապետարանի շէնքին դիմացը, ուր անոնք վայելեցին իրենց մատուցուած հիւրասիրութիւնը, յստակացումներ ստացան իրենց շարք մը հարցումներուն եւ առիթը ունեցան արձանագրուելու՝ իբրեւ ոսկրածուծի նուիրատու կամ հիմնարկի կամաւոր աջակցող:
Նշենք, որ 199էն ի վեր, հիմնարկը կրցած է արձանագրել առաւել քան 32,000 նուիրատուներ՝ 44 երկիրներէ եւ իրականացուցած է 36 պատուաստումներ:
Հիմնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.abmdr.am կայքը կամ դիմել՝ (323) 663-3609 թիւին: