ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- «Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը, որ այս տարուան Նոպէլեան Խաղաղութեան մրցանակի յաւակնորդներն մէկն է, յայտարարեց, թէ այս տարի աշխարհի տարածքին լրագրողներու վրայ յարձակումները եւ անոնց դէմ սպառնալիքները աւելի բազմատեսակ դարձած են:
«Կազմակերպութիւններու կամ անհատներու կողմէ լրագրողներու դէմ գործողութիւնները աճած եւ դարձած են բազմատեսակ, նպատակ ունենալով լրագրողներու ազդեցութիւնը մեղմացնել կամ մինչեւ իսկ զանոնք սպաննել», «Ռոյթըրզ»ին ըսաւ կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Քրիսթոֆ Տելուար: Ան նաեւ յիշեցուց, որ ներկայիս, աշխարհի տարածքին բանտարկուած են առնուազն 300 լրագրողներ: