ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբերin, Փասատինա քաղաքի «Պլեր» վարժարանի նորաբաց Հայկական ճեմարանը տօնեց Հայաստանի անկախութեան 30ամեակը:
Աշակերտական ոգեշնչող յայտագիրը սկսաւ երկու սկաուտներ՝ Ճուլիըն Շահոյեանի եւ Յակոբ Ճապուրեանի կողմէ կատարուած դրօշակի արարողութեամբ: Երբ հայկական եռագոյնը հանդիսաւորապէս մտաւ սրահը՝ միաբերան երգուեցաւ վերանկախացած Հայաստանի պետական քայլերգը:
Ապա սկսաւ յայտագիրը, որուն հանդիսավարն էր Ճերմարանի գաղութային յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Թալին Նազարեան: Բացման իր խօսքի մէջ, Ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան՝ յայտագիրի իրականացման համար ցուցաբերուած աջակցութեան եւ խանդավառ ներկայութեան համար:
Այնուհետեւ, բեմ եկան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմականը ներկայացուցին աւարտական դասարանի աշակերտուհի Այրին Ֆրիաս եւ 11րդ դասարանի աշակերտուհի Սօֆի Եուսէֆեան: Անոնց խօսքին մէջ ուշագրաւ էին «Իմաստուն նորածին», «Նորատունկ ծառ» եւ «Դիւրաբեկ անկախութիւն» արտայայտութիւնները:
Աւարտական դասարանի աշակերտուհիներ Սոնիա Տարագճեան եւ Աթինա Պաղտասարեան փափաքած էին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններով հանդէս գալ: Անոնք հայրենի բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի «Հայաստան» եւ «Աղօթք» քերթուածները արտասանեցին բացատրական նախաբաններով:
11րդ դասարանի աշակերտուհի Լուսին Էքիզեան այս առիթով պատրաստած էր այլ արտասանութիւն մը, այլաբանական ժամանակակից քերթուած մը՝ «Այս Ծառը Սուրբ», որուն հեղինակն է պոլսահայ բանաստեղծ Զարեհ Խրախունի:
Իսկ դպրոցի կրտսեր աշակերտները, 6-8 դասարանցիներ, իրենց ուսուցչուհին Լինտա Գանտիլեանի առաջնորդութեամբ պատրաստեր էին խմբային արտասանութիւն մը՝ Համօ Սահեանի «Հայաստան Ասելիս» յայտնի եւ դպրոցականներու կողմէ շատ սիրուած քերթուածը:

Ապա բուռն ծափահարութիւններով բեմ եկաւ Ճեմարանի նորաստեղծ պարախումբը (պարուսոյցներ՝ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրեր)։ Անոնք ներկայացուցին Արա Գէորգեանի երաժշտութեան հետ հիւսուած «Անկախութեան Պարը», որմէ ետք վարժարանի բոլոր աշակերտները բեմ եկան միասնական շուրջպարի համար:
Յայտագիրը աւարտեցաւ «Հայ Աշակերտի Ուխտ»ով եւ Տէրունական աղօթքով:
«Պլեր» վարժարանի Հայկական Ճեմարանը (Blair High School Armenian Academy) Փասատինայի միացեալ կրթաշրջանին պատկանող դպրոց է: Անիկա բաց է շրջակայ բոլոր քաղաքներու հայորդիներուն համար: Ճեմարանի նպատակն է՝ 6-12րդ կարգերու աշակերտներուն անվճար հայեցի դաստիարակութիւն տալ: Հայերէնի դասերը ամէն օր են եւ բոլորը ունին Քալիֆորնիոյ համալսարաններու վարկաւորում (UC accreditation): Ճեմարանը ունի նաեւ հայկական պարի դասարան եւ հայկական երգչախումբ: Դիմում կատարելու կամ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար այցելել www.ArmenianAcademy.org կայքը։
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)