
ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի մէջ կատարուեցաւ բացումը «Հայկական ազգային խորհրդանիշների թանգարան եւ պատմաճարտարապետական «Ակումբ 1887»ին. թանգարանը եւ ակումբը հիմնուած են 1887ին կառուցուած ալեքսանդրապոլեան շէնքերէն մէկուն մէջ` երկու տարի տեւած վերականգնողական աշխատանքներէ ետք։
Հայկական ազգային խորհրդանշաններու թանգարանի բացումը նուիրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան 30րդ տարեդարձին: Թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին հայկական զինանշաններու նմոյշներ, հայկական պետական ու ազգային խորհրդանշաններու վերաբերող եզակի ցուցանմոյշներ` փորագրանկարներ, պաստառներ, բացիկներ, կարասի եւ այլն: Անոնք կը ներկայացնեն եւրոպական եւ ռուսական պատկերագրութեան մէջ հայկական արքայական ընտանիքներուն վերաբերող բացառիկ նիւթեր, տարբեր հրատարակութիւններու կազմերուն հայկական զինանշաններու եւ դրօշներու յօրինուածքներ:
Առանձին սրահի մը մէջ պիտի ցուցադրուին Մայր Հայաստանի պատկերագրութեան եւ Առաջին Հանրապետութեան խորհրդանշաններուն վերաբերող բացառիկ բնօրինակ նիւթեր:
Թանգարանի ցուցադրութիւնը պարբերաբար պիտի համալրուի նոր նիւթերով: Հաւքածոն ամբողջութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի նախկին տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի անձնական հաւաքածոն է: «Տարիներ շարունակ ես տարբեր աճուրդներից ու տարբեր ճամբորդութիւնների ժամանակ ձեռք եմ բերել այս ցուցանմուշները», յայտնեց Հայկ Դեմոյեան:
«Ակումբ 1887»ը ալեքսանդրապոլեան ոճի ներքին յարդարանքով կազմակերպուած պատմական միջավայր է, ուր նախատեսուած է իրականացնե զանազան ձեռնարկներ` ցերեկոյթներ, շնորհահանդէսներ, հարցազրոյցներ, լուսանկարչական շարքեր եւ այլն։
Անիկա բաց պիտի ըլլայ Ուրբաթ, Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը։