ՄԱՆԱՄԱ, «Ռոյթըրզ»․- Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եայիր Լափիտ Հինգշաբթի այցելեց Պահրէյն եւ Մանամայի մէջ բացումը կատարեց Իսրայէլի դեսպանատան, ինչպէս նաեւ ջուրի, կենսոլորտի եւ մարմնակրթութեան վերաբերեալ համաձայնագիրներ ստորագրեց:
Լափիտ եւ Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտուլլաթիֆ Զայանի առաջին անգամ Յունիսին հանդիպած էին, Հռոմի մէջ, սակայն Լափիտ Իսրայէլի առաջին արտաքին գործոց նախարարն է, որ Պահրէյն կ՛այցելէ:
Լափիտի այցելութեան զուգահեռ Մանամայի եւ Թել Աւիւի միջեւ առաջին առեւտրական թռիչքը տեղի ունեցաւ:
Լափիտ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պահրէյնի թագաւորին հետ: Վերջինս յայտարարեց, որ խաղաղութիւնը ռազմավարական ընտրանք է: