Ռաֆիկ Յարութիւնեան
Միլենա Խաչատրեան
Ֆինլանտայի Ռովանիէմ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան 23 տարեկանէն վար տղոց ախոյեանութեան 81 քլկ․ դասակարգի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռաֆիկ Յարութիւնեան հռչակուեցաւ Եւրոպայի ախոյեան` երկամարտի մրցումներուն 345 քլկ․ (155+190) բարձրացնելով:
20 տարեկանէն վար մարզիկներու մրցումներուն, Հայաստանի համար ոսկիէ մետալներ ապահոված էին Գառնիկ Չոլաքեան եւ Գոռ Սահակեան, մինչ Միլենա Խաչատրեան տիրացած էր պրոնզ մետալի: