– Ըստ «Պրաուն» համալսարանին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը՝ 2001էն ի վեր, Աֆղանիստանի եւ Իրաքի մէջ ծառայած ամերիկեան ռազմական ուժերու անդամներէն առնուազն 30,100ը անձնասպանութեան դիմած են գործողութիւններու ընթացքին կամ անոնց աւարտէն ետք, ինչ որ ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին սպաննուած ամերիկացի զինուորներու թիւին գրեթէ քառապատիկն է։
– Ըստ «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի տուեալներուն՝ 2001-2021ի Աֆղանիստանի պատերազմին ընթացքին սպաննուած են առնուազն 75 լրագրողներ եւ մարդասիրական կազմակերպութիւններու 444 անդամներ։
– «Թուային հարթակներու վրայ ատելութիւն տարածողներու հակազդեցութիւն» անուով կազմակրպութեան հետապնդումներուն համաձայն՝ «Քորոնա» ժահրի պատուաստին դէմ «Ֆէյսպուք»ի վրայ տարածուող նիւթերուն գրեթէ երեք քառորդին պատասխանատուն 12 անձեր են։
– Պերլին հաստատուած «Լաթանա» կեդրոնին մէկ հարցախոյցին տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի տարածքին քաղաքացիներուն 44 տոկոսը այն համոզումը ունի, որ իրենց երկրին համար, Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները ժողովրդավարութեան սպառնալիք են։
– Կլիմայի փոփոխութեան պատճառով, լրջագոյն վտանգները դիմակայող 100 գլխաւոր քաղաքներէն 99ը Ասիոյ մէջ կը գտնուին։