ԼԵՌ ԿԱՄՍԱՐ

Հիմա դառնանք Մանասի ամուսնութեանը:
Էֆէնտիմ, Մանասը երկու տարի ոեւէ աղջկայ ետեւէն չվազեց, այլ բազմաթիւ աղջիկներու հետ, ամէն իրիկուն դանդաղ ու հաւասար քայլերով տուն կու գար գործատեղէն, երբեմն ասոր, երբեմն ատոր թեւէն մտած: Ճամբան ալ խորունկ ձորի քովէն կ՛անցնէր ու ամէն անգամ, երբ նեղ կամուրջներէ կ՛անցնէին տղան ու աղջիկը իրար կը փաթթուէին, ոչ հարկաւ յաւիտեան, այլ մի գերանի երկարութեան չափ…
Օր մըն ալ, երբ երկուսը միասին իրար գրկած կ՛անցնէին գետի վրայ ձգուած գերանէն․ միւս ափին, տղան ու աղջիկը տրտունջ յայտնեցին, որ իրենց երկրի բարտիները կարճ են ու անկարող են քիչ մը աւելի երկար գերան արտադրել: ինչպէս կը տեսնէք, շատ անմեղ, շատ բուսաբանական խնդիր մը: Բայց աղջիկը բուսաբանութիւնն յանկարծ կենդանաբանութեան փոխեց․
– Մանա՛ս , ըսաւ, եկուր պսակուինք…
Տղան չհասկցաւ, աղջկան ըսածը ու իրաւունք ունէր: Մէկէն ի մէկ որո՞ւ միտքն այդքան կը ճկուէր: Քանի որ խօսքը գերանի մասին էր՝ «Մանա՛ս», պիտի ըսեր աղջիկը, «եկուր սա գերանը տանինք ձեր տուն, կամ եկուր, մեզ համար գերան առնենք…»
Բայց Մանասը չհասկնալուն համար չէր, որ անմիջապէս չհամաձայնուեց. Անիկա, աւելի շուտ, փորձեց չհասկնալ եւ երբ տեսաւ անկարելի է, ըսաւ կամաց մը.
– Եկո՛ւր…
Ասով ալ ամէն ինչ չվերջացաւ: Անմիջապէս «դու»ով խօսեցին, «ջան» կանչեցին իրարու եւ որովհետեւ համբոյրի համար տեղն աննպաստ էր, մինչեւ տուն հասնիլը կրկնակի «ջան» ըսին եւ առհասարակ հրապարակային բոլոր գործառնութիւններէն լիուլի օգտուեցին:
Իսկ տունը՝ հարկաւ հասան անոնք: Մինչ օրս ո՞ր ճամբորդն է ճամբան մնացեր…
Առտուն, երբ կանխավճար առած, նոտարին կ՛երթային արձանագրուելու, տեւողութեան մասին նոտարի տուած հարցին երկուսն ալ միաբերան «վեց ամիս» պատասխանեցին․
– Ինչո՞ւ այսքան կարճ, զարմացաւ նոտարը:
– Մեր պայմանները առանձնայատուկ են, բացատրեց Մանասը: Մեր աշխատավայրը գետէն անդին կը գտնուի եւ ամէնայն օր վտանգաւոր գերանին վրայով անցուդարձ կ՛ընենք: Մեր գործատեղիի աղջիկները սաստիկ վախկոտ են: Տեսար՝մէկը այնպէս մը կպաւ քեզի, որ տուն հասնելուն ա՛լ չփրթիր քեզմէ: Արժէ՞ մեծ դժուարութեամբ փրցնել կին մը եւ տեղն ուրիշ մը փակցնել: Շատ անգամ այնքան յոգնած կ՛ըլլայ մայրս , ու «իքիսինէ իւչ նալլաթ» (երկուքին՝ երեք անէծք) կ՛ըսէ եւ ինքզինքը բախտին կը յանձնէ… անանկ որ վեց ամիսը դեռ շատ է…
Այդպէս ալ արձանագրուեցաւ: Ու այդ օրուընէ անոնք ամուսիններ դարձան: Բայց մասնաւոր անոնք բան մը չզգացին: Ամէն օր աշխատելով միեւնոյն տեղը, միեւնոյն շրջապատի մէջ, Մանասը շատ անգամ կը մոռնար ամուսնացած ըլլալու հանգամանքը եւ օր մը, մինչեւ իսկ, հարցացուցակին մէջ «ամուրի» գրեց իր անուան դիմացը, չնայած որ երեք ամսուան ամուսնացած էր:
Կինը հերանց տունէն իր սիրական մահճակալ բերաւ եւ դրաւ չորս մեթր հեռու ամուսնու մահիճէն։ Ունեցածնին ալ ամբողջութեամբ իրար չխառնեցին, նկատի առնելով, որ վեց ամիսէն նորէն պիտի բաժնուին:
Այսպէս քալեցին ամիսներ: Ամիսէ մը, իւրաքանչիւրը ետ կը դառնար եկած ճամբան դիտելու, գոհունակութեան զգացումով կ՛ըսէր ինքն իր մէջ.
– Ոչի՛նչ, լաւն է… ուրեմն հինգ ամիսէն պիտի բաժնուինք իրարմէ, այ՞ո…
Ու տեսար աննկատելի կերպով, որ Մանասն իր մահճակալը կէս մեթրով մօտեցուց կնկան, կէս մեթր կինը մօտեցուց իրը մարդուն:
Ապրեցան ամիս մըն ալ ու դարձեալ ետեւնին նայեցան:
– Խելօք տղայ է, ըսաւ Մանասին կինը մարդուն համար:
– Սրտոտ կին է, ըսաւ Մանասը կնոջ համար:
Եւ այդ երկու ամսուան մէջ զոյգ մահճակալները մէկ մէկ մեթր ալ մօտեցան իրարու, որով ըսել է երկու ամսուան մէջ ամէն մէկը մեթր եւ կէս: Բայց ասով կանգ չառաւ այս անշունչ առարկաներուն շարժումը: Ընդհակառակն, օրէ օր, ժամէ ժամ սկսեցին քայլերը արագացնել եւ հինգերորդ ամսին, զոյգ մահճակալները յանկարծ շխկոցով իրար զարնուեցան, զարմանք պատճառելով երկուսին ալ հաւասարապէս:
Բայց, դժբախտ դէպք մը, հոս:
Հինգերորդ ամսին Մանասին կինը յանկարծ հիւանդացաւ ու ծանր պառկեցաւ: Բժիշկը յոյսը կտրելով, դեղ տալը դադրեցուց եւ մարդուն պատուիրեց,
– Ուտելու համար ինչ որ կ՛ուզէ՝ տուր…
Իրիկունը, կինն աչքերը բանալով ըսաւ .
– Մանա՛ս, մեր հաւանքը (փոքր սանդ) Բարսեղենց տունն է:
– Գետինն անցնի հաւանքը…
– Վարդուհին ալ ինձմէ յիսուն ռուբլի է առել:
– Թքած յիսուն ռուբլիին ալ վրայ …
– Դերձակին ես վճարած եմ արդէն, նորէն չվճարես:
– Լռէ՛, կնիկ, մի խօսիր, հազիւ կրցաւ արտասանել ու մէկէն փղձկաց: Կինը փղձկալու ոյժ չունէր. Անիկա միայն «ախ» մը քաշեց ու աչքերը անթարթ՝ մարդուն յարեց …
Անցաւ հինգ օր: Հիւանդը ինչ որ ուզեց՝ Մանասը տուաւ ու լացաւ, լացաւ ու տուաւ:
Բայց Աստուած իմ… սա մեր նորելուկ բժիշկներէն մարդուս փրկէ, ազատէ: Դուն մի ըսեր, որ հիւանդին դեղը ճիշդ այդ «ինչ կ՛ուզէ»ն է եղեր, իսկ իրենք այդքան օր ի զուր ուրիշ դեղեր են գործածեր …
Այ՛ո…
Առաջին հինգ օրը Մանասը տուաւ ու լացաւ, լացաւ ու տուաւ, բայց շատ շուտ սկսաւ տալ ու խնդալ, տալ ու երգել, տալ ու պարել, վերջէն ալ տալ ու համբուրել իր կնոջ արդէն իսկ կարմիր երեսը …
Վա՛յ, բժիշկ, վա՛յ …
Հա՛: Մանասին կինը վեր կենալով քանի մը անհրաժեշտ գործեր պիտի կատարէր: Լուացքը կատարուած էր ահագին, հաց կար թխելու, կերակուրի ամանները կեղտոտ թափուած էին խոհանոցին մէջ, տան ծեծած աղը չկար, հաւերը անօթի էին, սենեակը այդ պառկած օրն աւլեր էր եւ այդպէս կարգ մը բաներ:
Աստծով խօսիմ, մարդն ինչով կրնար՝ կ՛օգներ կնկանը: Թէեւ բնաւ չէր ձգեր, որ կնիկը ձեռք տար ծանր ու դժուար բաներու, բայց ի՛նչ օգուտ, երբ ամենածանր ու ամենադժուարին բանը բնութիւնը միայն կնոջն էր յատկացուցեր, թող տալով մարդուն միայն անզօր հանդիսատեսի դեր:
Այս առօրեայ գործերէն հազիւ թեթեւցած, տիկինը, երբ կը պառկեր շունչ առնելու, մէկէն ծանրացաւ երկունքին ցաւով եւ սկսեց գալարուել: Մարդը կեցած է հոն ամէն բանի պատրաստ, բայց ինչ կրնար ընել …
Վերջապէս երեխան կը ծնուի ու ցաւը կը վերջանայ, բայց հիմա ալ փոքրիկն ստինքը չի բռներ: Մարդն ու կինը իրար կը խառնուին, մինչեւ որ բռնել կու տան:
Հիմա, ի՛նչ երկարեմ, տուն է, էլի: Տեսար մէկ տղան հազիւ ունեցած, երկրորդն եկաւ, երկրորդը ծծէ կտրեց, երրորդը ծնուեց եւ մինչեւ կոկորդը մանր ու մունր գործերու մէջ թաղեց ծնողները:
Մանասն ու իր կինն ալ ճիշդ այդպէս։ Մինչեւ տղաներն ամուսնացնելը ու աղջիկները տալը, խելք չեկաւ գլխներին:
Միայն շատ յետոյ, երբ խալապալուխէն (աւելորդ առարկայ) ազատուեցան եւ մարդն ու կինն առանձին մնացին, Մանասը յանկարծ բան մը յիշեց, ձեռքը գլխին զարկաւ ու գոչեց.
– Կնիկ, մենք ի՞նչ ենք մոռցել …
– Ի՞նչ քա…
– Չէ մենք վեց ամսով էինք պսակուած, աս ի՞նչ ըրինք: Կեանքիս մէջ ես իմ դրած պայմանները չէի խախտած:
– Ճիշդ է, ըսաւ կինը, բայց դեռ ժամանակ ունինք:
Եւ որոշեցին՝ իրենց մեծ որդի Լեւոնին առաջին պտուղը, իրենց անդրանիկ թոռը տեսնելու պէս բաժնուիլ:
… Թարսի պէս ալ Լեւոնին կնիկն ամուլ էր, չծնաւ եւ Մանասն ու իր կինը ստիպուած միասին ապրեցան ու միասին ալ մեռան:
ՓՈՒՃ ԱՇԽԱՐՀ…ՑԱՅՍՕՐ Ո՞Վ ԻՐ ՆՊԱՏԱԿԻՆ ՀԱՍԵՐ Է: ԴՈՒՆ ՉԱՓԵԼՈՒԴ ՈՐՔԱՆ Կ՛ՈՒԶԵՍ ԼԱՅՆ ԲՌՆԷ, ԿԱՐՈՂԸ ԿԸ ԿՏՐԷ
1935