ԱԹԷՆՔ.- 27 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ Արցախի վրայ սանձազերծուած պատերազմի առաջին տարելիցին, ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ յունահայութիւնը իր բողոքի արդար ձայնը բարձրացուց ընդդէմ թուրքեւատրպէյճանական յարձակողականութեան, իրագործելով բողոքի ցոյց Աթէնքի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ եւ յարգանքի հաւաք` Թեսաղոնիկէի մէջ:
ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑ ԵՒ ՄԻՋԱԴԷՊ ԱԹԷՆՔԻ ՄԷՋ
Երկուշաբթի, 27 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Աթէնքի հայութիւնը, ընդառաջելով ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական վարչութեան կոչին՝ ներկայ եղաւ Փսիխիքօ շրջանին մէջ գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, իր բողոքը եւ ընդվզումը բարձրաձայնելու համար Արցախի վրայ 44օրեայ պատերազմին եւ մինչեւ այսօր շարունակուող ատրպէյճանական ոտնձգութիւններուն դէմ:
Նշենք, որ չափազանց զգալի էր ներկայութիւնը ոստիկանական զրահաւոր յատուկ ուժերուն, որոնք կանգնած էին շէնքի երկայնքին:
Ցոյցէն առաջ, Ատրպէյճանի դեսպանատունը զայրացնող միտումնաւոր քայլերու դիմած էր, շէնքի ցանկապատին վրայ նախապէս տեղադրած ըլլալով պաստառներ զանազան ընդվզեցուցիչ լօզունգներով, որոնց վրայ յունարէնով գրուած էին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանին կը պատկանի», «Մեր հերոսները կը յիշենք» եւ «Սուգի եւ յարգանքի օր Ատրպէյճանի համար» գրութիւնները: Առաւել, մայր դռան վրայ զետեղած էին նկարներ ազերի բանակի ջոկատներէն եւ մարտերու տեսարաններէն: Նաեւ, տեղադրած էին նոյնանման պարունակութեամբ թռուցիկներ յոյն անցորդներուն համար:
Յանկարծ, ցանկապատին ետեւէն, դեսպանատան պաշտօնեաները երկար ձողերով փորձեցին վար առնել հայկական Եռագոյնը, իսկ մէկ այլ պաշտօնեայ մը ցուցարարներուն վրայ ջուր կը թափէր:
Հայ ցուցարարները բուռն կերպով հակազդեցին եղած գրգռութիւններուն եւ վար առին ցանկապատին վրայ տեղադրուած ազերիական ստայօդ գրութիւնները եւ նկարները, իսկ ոստիկանական ուժերու պատասխանատուները եւս պահանջեցին ատրպէյճանցի պաշտօնեաներէն դադրեցնել իրենց բռնի շարժումները: Միջադէպի ամբողջ տեւողութեան եւ բողոքի ցոյցի ընթացքին դեսպանատան բազմաթիւ պաշտօնեաներ պատուհաններուն ետեւէն նկարահանումներ կը կատարէին:
ՀՅԴ Երիտասարդական Միութեան անդամները մեծադիր պաստառներով գրաւեցին դեսպանատան առջեւէն անցնող ճամբան, իսկ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան անդամները եւ ժողովուրդը Եռագոյն դրօշակները իրենց ձեռին՝ կը բացագանչէին լօզունգներ: Երիտասարդականի Կեդրոնական վարչութեան անդամները, փոխն ի փոխ բարձրախօսէն ներկայացուցին արցախեան պատերազմի եղելութիւնները, յատուկ շեշտ դնելով ատրպէյճանական անմարդկային ոճիրներուն վրայ, օտար վարձկաններու ներկայութեան, Թուրքիոյ ռազմական մասնակցութեան, Արցախի անզէն բնակչութեան վրայ կատարուած ռմբակոծումներուն, մշակութային կոթողներու ոչնչացման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներուն եւ Արցախի հողերէն պոկուած հազարաւոր գաղթական ժողովուրդին:
ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԵՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ԵՐԵԿՈՅ ԹԵՍԱՂՈՆԻԿԷԻ ՄԷՋ
ՀՅԴ Յունաստանի Երիտասարդական Միութեան «Ս. Թեհլիրեան» խումբին կազմակերպութեամբ, նոյն օրը երեկոյեան տեղի ունեցաւ յարգանքի հաւաք մը՝ ի յիշատակ Արցախի 44օրեայ պատերազմին քաջաբար ինկած հայ զինուորներուն:
Երեկոյեան, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն Արտավազդ վրդ. Շարոյեանի կողմէ: Հոծ բազմութեան առջեւ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ վեր առաւ հայ զինուորներու ու Արցախի ժողովուրդի դիմադրականութեան, հերոսական մարտնչումին եւ անձնազոհութեան ոգին:
Յաջորդաբար, բոլոր ներկաները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ շրջաբակը, ուր պատերուն վրայ զետեղուած էին քաջաբար իրենց կեանքը մատուցած հայ զինուորներու նկարները եւ բոլոր զոհուած հայ զինուորներու անուններու ցանկերը: