ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ Ս. ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ «ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ» ԿԱՏԱՐԵՑ
Շաբաթ, 18 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան եռօրեայ այցելութեամբ մեկնեցաւ Ֆրեզնօ եւ ընդունուեցաւ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանի, Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս եւ Ազգային վարչութեան անդամ Պերճ Աբգարեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու կողմէ:
Կիրակի առաւօտեան, Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ, առաջնորդը Ս. պատարագ մատոյց եւ Հայաստանի վերանկախացման 30րդ տարեդարձին առիթով հանդիսաւոր արարողութեամբ մը կատարեց «Հանրապետական մաղթանք» եւ օրհնեց ՀՄԸՄի սկաուտներու ձեռքերով բարձրացուած Եռագոյն մեծադիր դրօշը՝ իր կողքին աղօթակից ունենալով Եփրեմ արք. Թապագեանը: Արարողութեան աւարտին, ամբողջ եկեղեցին՝ խորան եւ հաւատացեալներ, միասնաբար երգեցին «Մեր Հայրենիք» քայլերգը:
Իր պատգամին մէջ, առաջնորդը փառք տուաւ եւ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, ստեղծուած այս պատեհութեան համար՝ ըսելով. «Աստուած այսօր մեզի կը շնորհէ իմաստութիւն, որպէսզի բոլորս ալ աղօթքի ճամբով մեր հաւատքը զօրացնենք եւ մեր յոյսը մեր Արարիչին նկատմամբ աւելի շատցնենք եւ մեր սէրը իրարու նկատմամբ աւելի տարածենք»: Ապա սրբազանը Աստուծմէ խնդրեց, որ Իր երկնային օրհնութիւնները անպակաս ընէ հայոց հայրենիքին, Հայ եկեղեցւոյ եւ հայութեան վրայէն՝ յորդորելով հաւատացեալները Աստուծոյ նկատմամբ աւելի ուժեղ հաւատք ու վստահութիւն ունենալու եւ մաղթելով, որ Աստուած Ինք ըլլայ մեր կեանքին առաջնորդը: Հիմնուելով Սաղմոսերգուի աստուածաշնչեան խօսքերուն վրայ՝ սրբազանը ընդգծեց, որ եթէ Աստուած մեր կողքին է, մենք ուժեղ ենք եւ պէտք է ուժեղ զգանք մեր կեանքի բոլոր օրերուն, ապա իր հոգեպարար երկլեզու պատգամի աւարտին նշեց, որ Ֆրեզնօ կատարած իր յաջորդ այցելութեան՝ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի բարձր տնօրինումով վարդապետական գաւազանի իշխանութիւն պիտի շնորհէ Աշոտ աբղ. Խաչատուրեանին:
ՖՐԵԶՆՕ ԳԱՒԱՌԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉՆԵՐՈՒ ՏԱՆ ՄԷՋ ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

21 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Հայաստանի վերանկախացման տօնին օրը, առաջնորդը այցելեց Ֆրեզնօ գաւառի կառավարիչներու տունը եւ յատուկ աղօթքով բացումը կատարեց ժողովին: Սրբազանին կ՛ընկերակցէին հոգեւոր հայրեր, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսը՝ դեսպան Արմէն Բայբուրդեան եւ Պերճ Աբգարեան: Մուտքին, Ֆրեզնոյի կառավարիչները բարի գալուստ մաղթեցին հայկական պատուիրակութեան եւ նշեցին, որ իրենց պատմութեան մէջ այս առաջին պարագան է, որ հայ թեմակալ առաջնորդ մը կը մասնակցի գաւառի ժողովի բացման: Պերճ Աբգարեան խօսք առնելով՝ նշեց առիթը, ապա հրաւիրեց առաջնորդը՝ յատուկ աղօթքով մը բացումը կատարելու ժողովին: Թորգոմ եպիսկոպոս իր աղօթքին մէջ նշեց Հայաստանի անկախութեան տարեդարձը եւ այս առիթով Աստուծոյ միջամտութիւնը խնդրեց՝ հայոց հայրենիքի անկախութեան պահպանման, հայոց բանակի ու հայ զինուորի անպարտելիութեան եւ ամերիկացի ու հայ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ սիրոյ եւ յարգանքի առաւել ամրապնդման, խորացման եւ տարածման համար: Փոխադարձաբար, ամերիկացի ղեկավարներու խումբը շնորհաւորեց Հայաստանի վերանկախացման 30րդ տարեդարձը եւ ընթերցեց այս առիթով պատրաստուած յայտարարութիւնը:
Նոյն օրը կէսօրին, առաջնորդը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը հիւրերը եղան Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Ճերի Տայըրի: Այս առիթով խօսք առին անձնաւորութիւններ եւ անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս Ֆրեզնօն ու Երեւանը քոյր քաղաքներ հռչակելու ծրագիրին մասին, ապա Աբգարեան քաղաքապետ Տայըրին ուղղեց Հայաստան այցելութեան հրաւէր մը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ

Երեքշաբթի երեկոյեան, Ֆրեզնոյի հայ համայնքը Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման 30րդ տարեդարձը նշեց հանդիսաւոր ընթրիքով մը, որ տեղի ունեցաւ Fort Washington Country Club-ի շքեղ սրահին մէջ: Պաշտօնական ընթրիքին ներկայ եղան առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, առաջնորդ. Յովնան արք. Տէրտէրեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, տեղւոյն Յոյն ուղղափառ, Աւետարանական եւ Հայ առաքելական եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, Արմէն Բայբուրդեան, Պերճ Աբգարեան, շրջանի քոնկրեսական Ճիմ Քոսթա, նահանգային ծերակուտական Անտրէաս Պորճըս, Ֆրեզնոյի համալսարանի նախագահ դոկտ. Սաուլ-Հիմենեզ Սանտովալ, Համայնքային առողջապահական համակարգի նախագահ Քրէկ Քասթրօ, Ֆրեզնոյի մէջ գործող այլ երկիրներու հիւպատոսներ, տեղւոյն դիւանագիտական թեւի ներկայացուցիչներ, դատաւորներ, դատախազներ, Ֆրեզնոյի հայ համայնքի կարկառուն դէմքեր, բարերարներ, ղեկավարներ, ընդհանուր թիւ՝ առաւել քան երկու հարիւր հրաւիրեալներ:
Ամերիկայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս երգեցողութենէն ետք, առաջնորդը կատարեց բացման աղօթքը, որուն յաջորդեց Բայբուրդեանի՝ Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած խօսքը։ Իբրեւ ամերիկացի եւ հայ ժողովուրդներուն միջեւ փոխադարձ յարգանքի ու սիրոյ արտայայտութիւն՝ Բայբուրդեան յատուկ գնահատագիրներ յանձնեց եւ Հայաստանի զինանշանը կրող շքանշաններով զարդարեց քոնկրեսական Քոսթայի, ծերակուտական Պորճըսի, Սանտովալի եւ Քասթրոյի կուրծքերը: Ապա, իւրաքանչիւր մեծարեալ իր սրտի խօսքը եւ երախտագիտական արտայայտութիւնները փոխանցեց ներկաներուն:
Այնուհետեւ, առաջնորդը դրուատանքի եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքեր ուղղեց Պերճ Աբգարեանին եւ այս առիթով անոր նուիրեց Կիլիկիոյ Աթոռէն հետը բերած յուշանուէր մը: Ներկաները սրբազանին անակնկալը ընդունեցին յոտնկայս ծափերով: Պաշտօնական ընթրիքը վերջ գտաւ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի աղօթքով:
Յայտնենք, որ պաշտօնական ընթրիքի շքեղ երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ համայնքի կառոյցները: Արժանի է յիշել, որ սրահի մուտքին՝ ՀՕՄի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի դասաւորումով երկուքական երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ կանգնած էին հայկական տոհմիկ տարազներով եւ անոնք լաւագոյնս կատարեցին իրենց վստահուած՝ հիւրերը սրահ առաջնորդելու եւ մեծարեալներուն հետ մինչեւ բեմ եւ անկէ ետք իրենց տեղերը ուղեկցելու պարտականութիւնը:
Երեկոն հայկական սրտագրաւ մեղեդիներով հարստացուց Լոս Անճելըսէն «Էլեմընթ» նուագախումբը՝ Արա Տապանճեան եւ Արագած Աբրահամեան, իսկ դադարին ընթացքին Կոմիտասի եւ Ալթունեանի յօրինած մեղեդիներէն քանի մը կտոր գեղեցկօրէն նուագեց Ֆրեզնոյի համալսարանի 32 հոգիէ բաղկացած «Ուինտ» նուագախումբը:
Սրբազան հօր Ֆրեզնօ եռօրեայ այցելութեան առումով յատկանշական եղան նաեւ անոր հանդիպումները Ֆրեզնոյի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու, բարերարներու եւ բարեկամներու հետ:
Արդարեւ, առաջնորդը այցելեց բարերարներ՝ Շամլեան, Փառնաքեան, Սարապեան եւ Սաաթճեան ընտանիքներուն, օրհնեց զանոնք, աղօթեց անոնց քաջառողջութեան համար եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց ապագայ ծրագիրներուն: Նշենք նաեւ, որ Շամլեաններու տան մէջ առաջնորդը ընթերցեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին՝ Ազգային բարերար Վահան Շամլեանի ծննդեան 90ամեակին ուղղուած շնորհաւորական նամակը՝ բարերար ամոլին պատճառելով երջանկութեան անզուգական պահ մը: