ՊՈՍԹԸՆ.- Կիրակի, 12 Սեպտեմբերին նշուեցաւ Ուստըրի (Մեսեչուսեց) Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ 87րդ տարեդարձը։ Այս առթիւ պատարագեց եւ քարոզեց Արեւելեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Անուշաւան արք. Դանիէլեան։
Ս. պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւնը։
Յաւարտ Ս. պատարագին տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ «Էլ-Պաշա» ճաշարանին մէջ։ Առաջնորդ սրբազանը մեծարեց եկեղեցւոյ դպրապետուհի Վարսենիկ Տասթի Քոթըրը, որ առաւել քան 70 տարիներ ծառայած է եկեղեցւոյ։
Առաջնորդը տիկին Քոթըրին յանձնեց Ազգային առաջնորդարանի յատուկ գնահատագիրը եւ յատուկ պատրաստուած խաչքար մը առաջնորդարանին կողմէ, ինչպէս նաեւ հայ արուեստի պատկերագիրք մը եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Թորգոմ քհնյ. Չորպաճեանի եւ հոգաբարձութեան կողմէ։
Ազգային վարչութեան Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն կողմէ Անուշաւան առք. Դանիէլեան շնորհաւորեց եկեղեցին, օժանդակ մարմինները եւ քոյր կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքին, սիրոյ եւ նուիրուածութեան համար։