ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Միքայէլ Աղասանդեանը նշանակեց ՀԱՊԿի մօտ Ռուսիոյ մշտական ու լիազօր ներկայացուցիչ: Հրամանագիրը հրապարակուած է Ռուսիոյ Իրաւական տեղեկատուական հարթակին վրայ:
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Միքայէլ Վադիմի Աղասանդեանը նշանակել Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան մօտ Ռուսիոյ մշտական եւ լիազօր ներկայացուցիչ», նշուած է Փութինի հրամանագիրին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.