
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու 2022ի Ազգային պաշտպանութեան լիազօրութիւններու բանաձեւին (թիւ 4350) իբրեւ յաւելուած ներկայացուած եւ հայ գերիներու ազատ արձակումը ու Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու առաջարկներէն հինգը քուէարկութեան դնելու որոշում տրուած է Ներկայացուցիչներու տան Օրէնքներու յանձնախումբին կողմէ։
Քուէարկութեան պիտի դրուին՝ Թոնի Քարտենասի, Էտըմ Շիֆի, Պրետ Շըրմընի, Ֆրենք Փալոնի, Տէյվիտ Վալատաոյի, Տինա Թայթըսի եւ Ճիմ ՄըքԿավըրնի առաջարկները, որոնք կը պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել Ատրպէյճանի կողմէ պահուող հայ գերիները եւ կասեցնել՝ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնները։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսականներուն, միաժամանակ կոչ ընելով ամերիկահայութեան, որ այս առաջարկներուն հաստատումը ապահովելու համար դիմեն իրենց շրջանի քոնկրեսականներուն՝ այցելելով https://marchtojustice.org/action-alerts կայքը։