Կարելի չէ մոռնալ այն հպարտութիւնը եւ խանդավառութիւնը, զոր իւրաքանչիւր հայ ապրեցաւ 30 տարիներ առաջ՝ 21 Սեպտեմբեր 1991ին, երբ Հայաստան, անջատուելով Խորհրդային Միութենէն՝ դարձաւ անկախ պետութիւն:
Ամէն տարի, 21 Սպտեմբերին, ազգովին կը վերանորոգենք Հայաստանի պետականութեան նկատմամբ մեր յանձնառութիւնը՝ նկատելով, որ այս անկախութիւնը աւելի երկար տեւած է եւ կը շարունակէ բարգաւաճիլ:
Այո, անկախութեան 30ամեակը կը դիմաւորենք խառն զգացումներով: Մէկ կողմէ անիկա հպարտութեան աղբիւր մըն է եւ Հայաստանի ինքնորոշման իրաւունքին վերահաստատումն է, սակայն միւս կողմէ Հայաստանի դիմագրաւած իրականութիւնները վտանգի տակ կը դնեն Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, կասկածներ յառաջացնելով մեր հայրենիքի անկախութեան նկատմամբ:
Հայաստանի անկախութեան 29րդ տարեդարձէն օրեր ետք, մեր թշնամիները՝ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, ընդարձակ յարձակումի անցան Արցախի վրայ, սպաննելով հազարաւոր հայ զինուորներ եւ քաղաքայիններ ու խլելով Արցախէն տարածքներ:
Այս օրերուն, նման միջադէպեր տեղի կ՛ունանան Հայաստանի սահմաններուն վրայ, ուր ատրպէյճանական ուժերը դիրքեր հաստատած են Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մէջ, նոյն ժամական Նախիջեւանէն յարձակումներ գործելով Արարատի մարզին վրայ:
Իրենց կարգին, Հայաստանի իշնախութիւնները յառաջ կը մղեն «շրջանային խաղաղութեան» անորոշ ծրագիր մը‘ Ատրպէյճանի հետ սահմանները բանալու եւ Թուրքիոյ հետ բանակցելու՝ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու նպատակով, քայլեր, որոք կը քաջալերուին Հայաստանի «ռազմավարական դաշնակից» Ռուսիոյ կողմէ:
Անցեալ շաբաթ ի յայտ դարձաւ, որ 9 Նոյեմբերի պարտուուղական համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշած է յանձնել նաեւ Գորիս-Կապան մայրուղիէն 13 մղոննոց հատուած մը, հակառան անոր, որ այդ մասին նշում չկար համաձայնագիրին մէջ:
Անցեալ շաբթուան եւ անցեալ տարուան իրադարձութիւնները եկան հաստատելու, որ վերջին 30 տարիներուն, Հայաստանի անկախութեան զօրակցած հայութիւնը բաւարար տեղեկութիւններ չունէր սահմագծումներու հարցերուն մասին, որոնք խորհրդային օրերէն ժառանգուած էին եւ շարունակաբար անտեսուած նախկին կառավարութիւններուն եւ ղեկավարներուն կողմէ:
Այսօր, երբ կը նշենք Հայաստանի անկախութեան 30րդ տարեդարձը, գոյութենական հրամայական դարձած է այդ անկախութեան պաշտպանութիւնը, խնամքը եւ ամրապնդումը, որոնց համար ազգային միասնականութիւնը եւ ուժերու մէկտեղումը ճակատագրական են, ամէն ատենէ աւելի:
Ժամանակն է, որ Հայաստանի քաղաքական բոլոր ուժերը առնեն այնպիսի քայլեր, որոնք չեն վտանգեր Հայաստանի գերիշխանութիւնը, վստահ ըլլալով, որ անոնք աւելի նպաստաւոր չեն արտաքին ուժերուն, որոնցմէ շատեր իրենք իրենց կը ներկայացնեն իբրեւ մեր «ռազմավարական» դաշնակիցը:
30 տարիներ ետք, անկախութիւնը այլընտանք չունի, որքան ալ փխրուն եւ դիւրաբեկ ըլլայ անիկա, մենք‘ հայերս, պարտաւոր ենք անոր երկարակեցութիւնը եւ բարօրութիւնը երաշխաւորելու:
Նախորդ տարին աներեւակայելի կորուստներով լեցուն տարի մըն էր հայութեան համար: Որքան ալ դժուար ըլլայ, յատկապէս երբ՝ իբրեւ ազգ սգալու առիթը չենք ունեցած տակաւին, թող Հայաստանի անկախութեան այս յատկանշական տարեդարձը դառնայ մեզի համար կենսական մղիչ ուժը‘ մէկտեղելու մեր ուժերը եւ վերանուիրուելու Հայաստանին, Արցախին եւ մեր հայրենիքի բարգաւաճման, որովհետեւ սուղ գինով նուաճուած անկախութենը կարելի չէ զիջիլ եւ անկախութիւնը պէտք է պահպանուի՝ ամէն գնով: