ԿԼԵՆՏԷՅԼ․- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած պայմաններուն պատճառով, որոշած է ջնջել շատ սպասուած տարեկան իր ձեռնարկը, որ տեղի պիտի ունենար 14 Նոյեմբերին, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ յաջորդական 2րդ տարին ըլլալով ձեռնարկը ջնջելու այս որոշումը տրուած է՝ նկատի ունենալով կացութեան անորոշութեան իրողութիւնը եւ համայնքին ապահովութիւնը, որ առաջնահերթ է Հայ Դատին համար։
Ան նաեւ շեշտեց, թէ Հայ Դատը կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, պաշտպանելով Հայաստանի եւ Արցախի իրաւունքները եւ դէմ դնելով հայութեան դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրներուն։
Մեծ ժողովրդականութիւն վայլող Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մըն է համայնքին ներկայացնելու Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ պատուելու այն անհատները եւ կազմակերպութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման գործին մէջ: