
Սիւքինը, ինչպէս անցեալին, այս օրերուն եւս աշխարհաքաղաքական կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազգային անվտանգութեան ապահովման ու լինելութեան երաշխաւորման գծով: 2020ի Արցախեան վերջին պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան կը շարունակէ սպառնալիքներ հնչեցնել եւ հողային պահանջներ ներկայացնել Երեւանին, Սեւանի եւ յատկապէս Սիւնիքի գծով:
Սիւնիքի դարպասներուն անձեռնմխելիութեան նպաստելը, Սիւնիքի հայութեան դիմադրողական ոգիի հզօրացումը, փանթրքական ծրագիրները ձախողեցնելը եւ Հայաստանի իշխանութիւններու պարտուողական քաղաքականութեան դէմ պայքարը ամբողջ հայ երիտասարդութեան համար յանձնառութիւն պէտք է ըլլայ:
Վերոնշեալներուն լոյսին տակ եւ յատկապէս «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրի պարունակին մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը, համագործակցութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական միութեան հետ, ձեռնարկած է Սիւնիքի անվտանգութեան, ապահովական, ներքաղաքական, ժողովրադագրական եւ երիտասարդութեան հարցերուն անդրադարձող ուսումնասիրութիւններու մրցանք մը:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք 18-27 տարեկան հայաստանաբնակ եւ Սփիւռքի ուսանողութեան մասնակցելու սոյն ուսումնասիրութիւններու պատրաստութեան:
Ուսումնասիրութիւնները պէտք է հետեւեալ թեմաներուն շուրջ ըլլան (կարելի է նոր թեմաներ առաջարկել).
– Սիւնիքը 20րդ դարու զարգացումներուն լոյսին տակ (պատմական յետադարձ ակնարկ)
– Սիւնիքի անվտանգութեան հարցեր (սահմանային, ապահովական) եւ զանոնք լուծելու հեռանկարներ
– Սիւնիքի աշխարհաքաղաքական տեղն ու դերակատարութիւնը փանթրքական ծրագրի իրագործումը կասեցնելու գործընթացին մէջ
– Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութիւնը Սիւնիքի հարցերուն առընչութեամբ
– Սիւնիք-Սփիւռք յարաբերութիւններ
– Սիւնիքի ժողովրդագրական, տնտեսական, գիւղատնտեսական ներկայ պատկեր, հարցեր ու լուծումներ
– Սիւնիքի հանրաճանաչութեան մակարդակի բարելաւման եղանակներ
– Սիւնիքը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ
– Սիւնիքի պատմամշակութային ժառանգութիւն։
Ուսումնասիրութիւնները կարելի է երեք լեզուներով ներկայացնել (հայերէն, անգլերէն կամ ռուսերէն):
Ուսումնասիրութիւնները պիտի քննուին այս առթիւ կազմուած դատական կազմի մը կողմէ, որուն անդամներն են՝
– Թաթեւոս Աւետիսեան, ՀՀ ազգային ժողովի պատգամաւոր, տնտեսագէտ
– Թերեզա Երիմեան, Ամերիկայի Հայ Դատի Գրասենեակի կառավարական հարցերու պատասխանատու, Ուաշինկթըն
– Գէորգ Յակոբճեան, միջազգային օրէնքի մասնագէտ,Վիեննա
– Մելինէ Անումեան,պատմագէտ եւ թուրքագէտ, Երեւան
– Եղիա Թաշճեան, քաղաքական վերլուծաբան եւ հետազօտող, Պէյրութ
Դատական կազմին կողմէ ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն հեղինակները դէպի Հայաստան երթ ու դարձի թռիչքի տոմս պիտի ստանան, ինչպէս նաեւ դէպի Սիւնիք ճամբորդելու եւ իրենց ուսումնասիրութիւնները ներկայացնելու առիթ պիտի ունենան: Հայաստանէն ընտրուած լաւագոյն ուսումնասիրութիւնները կրթաթոշակ պիտի ստանան: Տեղին է նշել, թէ լաւագոյն ուսումնասիրութիւններուն կողքին, մրցանակ չստացած, սակայն դատական կազմին հաւանութեան արժանացած մնացեալ ուսումնասիրութիւնները պիտի հրապարակուին ընկերային ցանցերու եւ մամուլի ճամբով:
Ուսումնասիրութիւնները կարելի է ամբողջացնել հետեւեալ յղումին ճամբով մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 2021՝ https://forms.gle/1pAK46Um6dfC874J9
Ուսումնասիրութիւնները պէտք է գրուած ըլլան MS Word 2003-2010 ծրագիրով, իսկ ծաւալը՝ նուազագոյնը 2500 առաւելագոյնը 6000 բառ:
Մրցանքի արդիւնքները պիտի հրապարկուին 31 Հոկտեմբեր 2021ին:
Հարցումներու եւ յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է դիմել հետեւեալ հասցէին՝ ayf@arf.am: