ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- «Միաստուածեան կրօններու երկխօսութեան հարթակը կրնայ նպաստել Միջին Արեւելքէն ներս խաղաղութեան հաստատման» ըսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսը G20-ի միջազգային ֆորումին։
Ա՛յս էր հիմնական կէտը Արամ Ա. վեհափառին, G20-ի պետական ղեկավարներու հանդիպումը կանխող միջազգային ֆորումին ուղղած իր պատգամին: Ընդհանրապէս G20 հանդիպումէն առաջ, միջազգային ֆորում կը կազմակերպուի նոյն օրակարգի հարցերուն շուրջ, մասնակցութեամբ՝ քաղաքական, դիւանագիտական, ակադեմական, տնտեսական, կրօնական եւ այլ մարզերու բարձրաստիճան պատասխանատուներու:
Իտալիոյ մէ,ջ 10-14 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած ֆորումին, որուն մասնակցեցան աշխարհի զանազան շրջաններէ առաւել քան 300 ներկայացուցիչներ, վեհափառը հրաւիրուած էր՝ իբրեւ գլխաւոր դասախօս (Keynote speaker), «Կրօնի դերը արաբական աշխարհին մէջ տագնապներու լուծման գծով» նիւթին շուրջ: Նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ տիրող ընկերայաին-տնտեսական տագնապը եւ Լիբանանի հայ համայնքին օժանդակութեան հրամայականը, վեհափառը չկրցաւ անձնապէս մասնակցիլ յիշեալ ֆորումին: Սակայն, ընդառաջելով կազմակերպիչ յանձնախումբի փափաքին, կաթողիկոսը իր խօսքը առցանց փոխանցեց ֆորումին:
Արամ Ա. իր դասախօսութիւնը սկսաւ՝ յիշեցնելով. «Ներկայ աշխարհը կը դիմագրաւէ ահաւոր բեւեռացումներ, լարուածութիւններ եւ բազմազան տագնապներ: Հետեւաբար, անիկա կարիքը ունի փոխադարձ հասկացողութեան, երկխօսութեան ու գործակցութեան՝ ամրագրուած բարոյական արժէքներու եւ մարդկային իրաւանց վրայ»: Այս ուղղութեամբ, շեշտելով կրօնի դերը, վեհափառը անդրադարձաւ արաբական աշխարհին մէջ միաստուածեան կրօններու հաւաքական պատասխանատուութեան: «Միաստուածեան երեք կրօնները՝ Հրէութիւնը, Քրիստոնէութիւնը եւ Իսլամութիւնը գործակցաբար առանցքային դեր կրնան կատարել, նկատի ունենալով՝ առաջին, անոնց ունեցած հասարակաց արմատները՝ աւանդութիւններն ու արժէքները. երկրորդ, անոնց տիրական ներկայութիւնը իրենց համայնքներու կեանքի բոլոր մարզերէն ներս, եւ երրորդ, անոնց գոյակցութեան երկար պատմութիւնը, որ յաճախ յատկանշուած է լարուածութեամբ եւ տագնապներով», ըսաւ Արամ Ա.՝ աւելցնելով. «Միջին Արեւելքէն գալով եւ քաջածանօթ ըլլալով անոր անցեալի ու ներկայի պատմութեան, ոմանց համար, դերեւս, միաստուածեան կրօններու միջեւ գործակցութիւնը կրնայ իրապաշտ առաջարկ մը չթուիլ՝ շրջանէն ներս շարունակուող տագնապներու լոյսին տակ: Երեք կրօնները կրնան հարթակ դառնալ շինիչ երկխօսութեան եւ ընդհանրական հարցերու շուրջ հաւաքական մօտեցումներու ձեւաւորման»:
Այս ծիրին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը հետեւեալ ընդգծումները կատարեց.-
«1) Միաստուածեան երեք կրօններու ներկայացուցիչները տարբեր առիթներով ու տարբեր շրջագիծերէ ներս յաճախ հանդիպած են ու կը հանդիպին միջազգային մակարդակի վրայ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ անոնք պիտի չկարենան հանդիպիլ շրջանէն ներս ոչ-քաղաքական օրակարգի մը շուրջ՝ դառնալով արդարութիւն սերմանող եւ փոխադարձ վստահութիւն ներշնչող կրօնական հարթակ մը:
«2) Նման հանդիպումներ յիշեալ կրօններուն համար կրնան մեծապէս օգտակար դառնալ՝ վերահաստատելու իրենց հասարակաց արժէքները եւ զանոնք դարձնելու համահունչ ներկայ ժամանակներու ու իրականութիւններու: Նման քննարկումներ նաեւ կրնան օգտակար հանդիսանալ ծայրայեղութեան, անհանդուրժողութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ տարուող համաշխարհային պայքարին:
«3) Ընկերութիւնները յուզող տագնապներու գծով, միաստուածեան կրօններու մօտեցումը պէտք է ըլլայ ոչ-հակազդող, այլ՝ հասարակաց արժէքներու վրայ խարսխուած նոր մօտեցումներ առաջարկող: Անոնք զգոյշ պէտք է ըլլան նոյնանալու քաղաքական ու գաղափարախօսական այնպիսի շարժումներու հետ, որոնք կրնան կրօնի ինքնութիւնը խաթարել ու վնասել անոր իւրայատուկ դերին:
«4) Անփոփոխ պահելով հանդերձ իրենց ինքնութիւնը եւ ուսուցումները, միաստուածեան կրօնները անհրաժեշտ է որ գործակցութեան կամուրջներ հաստատեն քաղաքացիական ընկերութենէն ներս գործող կառոյցներուն հետ՝ միասնաբար դիմագրաւելու ընկերութիւնը տագնապեցնող խնդիրը:
«5) Կառավարութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքական ղեկավարներու նկատմամբ ո՛րեւէ կրօն, ո՛րեւէ տեղ եւ ո՛րեւէ պայմաններու մէջ, պէտք է ըլլայ խստապահանջ, բարոյական արժէքներէ մղուած՝ պահանջելով հաշուետուութիւն, թափանցիկութիւն եւ կառավարման արդար ձեւ»:
Եզրակացնելով իր խօսքը, վեհափառը շեշտեց, թէ միաստուածեան կրօնները կրնան մեծապէս նպաստել Միջին Արեւելքի մէջ՝ արդարութեան վրայ հիմնուած խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ ազգերու, կրօններու եւ մշակոյթներու միջեւ խաղաղ ու ներդաշնակ գոյակցութեան հաստատման այնքան հրամայական անհրաժեշտութեան:
Կաթողիկոսին խօսքին յաջորդեց վեց անձերու ներկայութեամբ քննարկումի նիստը: