ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- 14 Սեպտեմբեր 2021ին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի Ռուբէն Սեւակի անուան թանգարանին մէջ հրապարակուեցան եւ շրջանառութեան մէջ դրուեցան երկու նամականիշներով գեղաթերթիկ «Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցու ռմբակոծում» թեմայով:

Հրապարակումը կատարեցին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարարութեան փոստի բաժինի պետ Ծովինար Գալստեան, «Հայ Փոստ»ի գլխաւոր գործադիր տնօրէն Հայկ Կարապետեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, Հայաստանի մօտ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Դրոշմաթուղթերու հաւաքածոներու հայկական միութեան նախագահ Յովիկ Մուսայէլեան:
940 դրամ անուանական արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ պատկերուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, իսկ 950 դրամ արժէքով գեղաթերթիկի նամականիշին վրայ՝ Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին՝ ռմբակոծուած ատրպէյճանական անօդաչու թռչող սարքերուն կողմէ։
Գեղաթերթիկի ձախ կողմը պատկերուած է Շուշիի Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին մինչեւ ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ՝ եկեղեցւոյ հրեշտակի քանդակներէն մէկը: Աջ կողմը կայ ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառով ռմբակոծուող Ղազանչեցոց Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցին, ինչպէս նաեւ՝ անօդաչու թռչող սարք մը: