ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Սեպտեմբերին, Հայաստան գտնուող Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Իվան Քորչոքի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Վարչապետը կարեւոր նկատեց Սլովաքիոյ հետ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացումը՝ գոհունակութիւն յայտնելով Սլովաքիոյ կողմէ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ուղղութեամբ ցուցաբերուող հետաքրքրութենէն:
Այս պարունակին մէջ, Փաշինեան անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան վրայ նախորդ տարի Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին, վերջինիս կողմէ հայ ռազմագերիներու վերադարձի պայմանաւորուածութիւնը չկատարելուն, ինչպէս նաեւ՝ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը Ատրպէյճանի զինուժի ներխուժումներուն:
Վարչապետը ներկայացուց կառավարութեան կողմէ ձեռնարկուող քայլերը, միջազգային հանրութենէն Հայաստանի ակնկալիքները եւ ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ բանակցային գործընթացի վերականգնման անհրաժեշտութիւնը:
Ըստ հաղորդագրութեան՝ Նիկոլ Փաշինեան անդրադարձաւ նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան եւ շեշտեց Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ու ամրապնդման բարեփոխումներուն համար ցուցաբերուող օժանդակութեան կարեւորութիւնը:
Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց Հայաստանի հետ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման մէջ իր երկրի կառավարութեան շահագրգռուածութիւնը: Քորչոք կարեւոր նկատեց տնտեսութեան, որուն մէջ գործարարական կապերու, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան մեծ ներուժի օգտագործման կարեւորութիւնը։

Ան ընդգծեց, որ Սլովաքիա կը գնահատէ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող Հայաստանի ջանքերը եւ կարեւոր նկատեց Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի համապարփակ լուծումը՝ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ծիրին մէջ: Նախարարը անհրաժեշտ նկատեց շրջանին մէջ վստահութեան ամրապնդման վերաբերող քայլերը եւ իր երկրին աջակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն:
Հայաստանի նախագահը, իր կարգին, կարեւոր նկատեց երկու երկիրներու եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները, որոնք հպարտալի պատմութիւն ունին, սակայն ներկայիս անհրաժեշտ է խօսիլ ապագային եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին։
Քորչոք նշեց, որ կը փափաքի աշխատիլ երկկողմ յարաբերութիւնները զարգացնելու ուղղութեամբ՝ դիտել տալով, որ այս մէկը ընելու անհրաժեշտ հիմքեր կան։ Ան ընդգծեց տնտեսութեան, գործարար կապերու, առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններու եւ զանազան ոլորտներու մէջ համագործակցութեան մեծ ներուժի առկայութիւնը եւ զայն առաւելագոյնս գործնականացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Հայաստանի նախագահը եւ Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարարը միտքեր փոխանակեցին նաեւ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ: