Յ. ՊԱԼԵԱՆ
«Ան որ, տեսակ մը ալշիմիով գիտէ իր սրտէն արտահանել վշտակցութիւն, յարգանք, կարիք, համբերութիւն, զղջում, անակնկալ եւ ներողամտութիւն, զանոնք միասնաբար ձուլելու համար, կը ստեղծէ այն հիւլէն՝ զոր կը կոչենք սէր»:
Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան (1883-1931)

Ով որ ճանչցած է Լիբանանը, այսօր չի կրնար տագնապով եւ սրտի ցաւով չհետեւիլ Լիբանանի փլուզման: Լիբանանցին եւ Լիբանանը սիրողներն ու ճանչցողները, անզօրութեան զգացումով կը հետեւին Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի կարծէք վերջ չունեցող ողբերգութեան:
Ինչպէ՞ս երկրի մը ղեկավարութիւնը, եւ անոր հետեւելով ժողովուրդը շարունակեցին եւ կը շարունակեն ապրիլ եւ գործել ժամանակավրէպ դարձած ընտանեկան-աւատապետական ըմբռնումներով եւ բարքերով, հակառակ յայտարարուած ժողովրդավարական-հանրապետական կարգերու, որոնք մնացին եւ են՝ շպար:
Լիբանանի մէջ չկային եւ չկան քաղաքական դէմքեր եւ մտաւորականներ, չկայ նաեւ հանրային կարծիք, որ չգիտնան, որ անգիր բայց գերիշխող համակարգը աւատապետական է, պատուաստուած՝ կրօնահամայնքային քարացած ըմբռնումներու վրայ,- չեմ ըսեր՝ նեղմտութեան,- որոնց կը ստորադասուին ժողովուրդի բարօրութիւնը, երկրի տնտեսութիւնը, հեռուի եւ մօտի դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները, ազատութիւնները, հաւասարութիւնը: Այդ եսասիրական խոտորումները գերիվեր են երկրի եւ ժողովուրդի շահերէն եւ ակնկալութիւններէն: Անոնցմով կը սահմանուին քաղաքացիական իրաւունքները եւ քաղաքականութիւնը:
Նման պայմաններու մէջ, Լիբանան դատապարտուած է, ինքզինք կը դատապարտէ, ապրելու մնայուն տագնապներու մէջ, որոնք պիտակ կը փոխեն, մնալով մէկ եւ նոյն: Երկրի իշխանութիւնը կը նմանի մանկական «փազըլ»ի խաղի, որ ճիգերով կազմուելէ ետք, դժգոհ մանուկի մը ձեռքով խանգարուած, կրնայ փուլ գալ, եւ հարկ կ՛ըլլայ վերսկսիլ: Յիշել, թէ ինչպէս երկիրը տարիներ տեւող քաղաքացիական կռիւ խաղցաւ, տարի տեւած «փազըլ» խաղցաւ նախագահ ընտրելու համար, հիմա նոյնատեսակ «փազըլ»ը կը կրկնէ ձգձգուող խաղով՝ կառավարութիւն կազմելու համար:
Խաղցողները եւ ժողովուրդը գիտեն, որ նոյն թատրոնն է, որ կը վերանորոգուի, նոյնիսկ երբ դերակատարները կը փոխուին:
Այսօր, մամուլին մէջ կար դիպուկ խօսք մը, ըստ որուն կը սպասուի, որ վերջապէս կազմուի «երկու փեսաներու կառավարութիւն»ը: Արտայայտութիւն՝ որ փակելով բարենորագման բոլոր դռները կը խտացնէ ընտանեկան-աւատապետական համակարգի ինքնավերարտադրութիւնը: Կը նշանակէ, որ կառավարութիւն պիտի կազմուի ոչ թէ ծրագրի մը շուրջ համաձայնելով, այլ աւատապետական ըմբռնումով, մրցակից «ընտանիքներու փեսաներով», որ նշանակէ այն, որ վաղը եթէ «փեսաներ»ը խռովին, երկիրը կրկին կառավարութիւն պիտի չունենայ:
«Նախագահ ընտրել»ու եւ «կառավարութիւն կազմել»ու երկարատեւ տագնապներու պատճառը այլեւս իսկապէս ժամանակավրէպ դարձած «Ազգային ուխտ»ն է, կամ առնուազն անոր թելադրած դիպաշարի վերսկսումը: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել անոր վերատեսութիւնը: Լիբանան ունի պատրաստուած եւ գիտուն մտաւորականութիւն, որուն արժանաւորները ընտանեկան-աւատապետական համակարգէն դուրս են, այսինքն չեն կրնար յաւակնիլ իշխանութեան: Այդպէս է դրութիւնը նաեւ իւրաքանչիւր «ընտանեկան-համայնքային» կեանքի մէջ, ուր աւանդական եւ ժառանգական նահապետներ կ՛որոշեն՝ յանուն նոյն հաւաքականութեան, զոր կը կոչեն համայնք: Նոյն անուններու հանդէս:
Այս անկառավարելիութիւն յառաջացնող պայմաններուն վրայ կը բարդուին համայնքներու կրօնական մեծաւորներու տեսակէտները, թելադրութիւնները, պահանջները: Կարծէք անոնք ըլլան ստուերի կառավարութիւն:
Եւ խաղը կը շարունակուի:
Այդ խաղին արդիւնքն էր տարիներ տեւած եւ աւեր գործած քաղաքացիական պատերազմը:
Եթէ հետեւիք Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Հնդկաստանի եւ ուրիշներու քաղաքական կեանքին, պիտի տեսնէք, որ ծիրանաւորներու, արքեպիսկոպոսներու, հովուապետերու, կամ այլ կրօնապետերու անուններ չկան: Անգլիոյ մէջ ե՞րբ կ՛երեւին անունները Քենթըրպըրիի կամ Եորքի արքեպիսկոպոսներուն, Միացեալ Նահանգներու այս կամ այն կրօնապետին, Փարիզի արքեպիսկոպոսին, մէկ միլառ հնդիկներու այս կամ այն պուտտայական կամ այլ մեծաւորին:
Քաղաքակրթութեան եւ մշակութային հասունութեան խնդիր է. ԿՐՕՆԸ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԵՐԻՄ ԽԻՂՃԻ ՀԱՐՑ Է:
Լիբանանի բոլոր համայնքներու մտաւորականութիւնը, գիտակցական նուաճումով մը, երկիրը դուրս բերելու համար, կրօնական ազդակի վրայ կռթնելով յաւելեալ իրաւունքներու տիրանալու անպարկեշտութեան դէմ պայքար պէտք է շղթայազերծէ եւ լուսաբանէ ժողովուրդը, զայն դուրս հանէ սովորութիւն եւ բնութիւն դարձած նեղմտութենէն:
Բայց երկրի ղեկավարութիւնը կարծէք կ՛ապրի այնպէս, որ ոչինչ պատահած է եւ կը շարունակէ խրած մնալ անվերջանալի սակարկութիւն-բանակցութիւններու մէջ, երբ նախագահ կ՛ընտրէ կամ կառավարութիւն կը կազմէ, որոնք պատասխան չեն տագնապին: Ոչ ոք կարծէք կանգ կ՛առնէ եւ հարց կու տայ, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է այսպէս շարունակել, չեն տեսներ վերջնական փլուզումը: Եթէ երէկի, այսօրուան եւ հաւանօրէն նաեւ վաղուան նոյն ղեկավարները տեսնեն կացութիւնը, կը լռեցնեն յաւելեալ իրաւունքի փոխադարձ եւ անհաշտելի պահանջները, թոյլ տալով որ կառավարութիւնը կազմուի, ի հարկին նաեւ՝ առանց իրենց:
Բայց ականջները խուփ են ողջախոհութեան եւ միջազգային համայնքի կոչերուն: Կարծէք կացութեան ծանրութիւնը եւ զայն յաղթահարելու համար կոչերը իրենց չեն վերաբերիր, եւ իրենք կը շարունակեն սակարկել եւ չհամաձայնիլ: Միշտ՝ չեղածէն առաւելութիւններ ունենալու համար:
Եթէ լիբանանցին, անոր ղեկավարութեան իրենք զիրենք կոչածները եւ աթոռէ չհեռանալու ցանկութիւն ունեցողները կարդային Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը եւ ներշնչուէին իրենց մեծ հայրենակիցին իմաստութեամբ, այսօր տարբեր կ՛ըլլային Լիբանանը եւ լիբանանցիները: Կարդալ եւ նամակով ղրկել ամիսներէ ի վեր աթոռ-աթոռակի համար սակարկող աւագանիի անդամներուն:
Կարդալ Լիբանանցի բանաստեղծ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի իմաստութիւնը.
«Ան որ, տեսակ մը ալշիմիով գիտէ իր սրտէն արտահանել վշտակցութիւն, յարգանք, կարիք, համբերութիւն, զղջում, անակնկալ եւ ներողամտութիւն, զանոնք միասնաբար ձուլելու համար, կը ստեղծէ այն հիւլէն՝ զոր կը կոչենք սէր:»
Եսերու եւ ըմբռնումներու փտախտը հասած է հոն, ուր տեսութիւններով կարելի պիտի չըլլայ փրկել Լիբանանը, այլ՝ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի իմաստութեամբ:
Ժողովուրդներ, պառակտումներու հետեւանքով կորսնցուցած են եւ կը կորսնցնեն հայրենիք, ազատութիւն, անկախութիւն:
Այսպէս եղած է անցեալին, այսպէս կ՛ըլլայ նաեւ այսօր:9 Սեպտեմբեր