ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Գորիս-Կապան ճամբուն վրայ Ատրպէյճանի ոստիկանութիւնը անցակէտ տեղադրած է։
Լրագրող Անուշ Միրզոյեան հրապարակած է համապատասխան լուսանկար եւ գրած է հետեւեալը. «Շուտով երեւի յատուկ թոյլտուութիւն պիտի լինի ադրբեջանցիների կողմից, որ Կապանից Գորիս հասնենք»։
Յիշեցնենք, որ 25 Օգոստոսէն ատրպէյճանցի զինուորականները փակած էին Կապան-Գորիս մայրուղիի Կարմրաքար-Շուռնուխ հատուածը, իսկ 26 Օգոստոսին՝ Գորիս-Որոտան հատուածը։
27 Օգոստոսի դրութեամբ, վերսկսած էր Մ2 միջպետական ուղիի Գորիս-Շուռնուխ-Կապան հատուածի երթեւեկը: Որոտան եւ Նոր Առաջաձոր հատուածներուն մէջ տեղադրուած էին աղիւսէ արգելքներ՝ այդտեղ երթեւեկը դանդաղեցնելու նպատակով:
Այդ ճամբաներու հսկողութիւնը պիտի կատարէին ռուս սահմանապահները: