ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Մոսկուա կ՛ողջունէ Իսրայէլի եւ արաբական երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը` շեշտելով, որ այդ հոլովոյթը պէտք է նպաստէ Միջին Արեւելքի մէջ հարցերու համապարփակ լուծման:
«Սուրիական տագնապի լուծման մէջ Իսրայէլի անվտանգութիւնը մեր առաջնահերթութիւններէն է», ըսաւ ռուսական դիւանագիտութեան պետը՝ աւելցնելով․ «Արեւմտեան անօրինական պատժամիջոցները արգելք կը հանդիսանան սուրիացիներուն` իրենց երկիրի վերակառուցման օգնելու: …Թուրքիա պարտաւոր է ամբողջացնել Փութինի եւ Էրտողանի` Իտլիպի վերաբերեալ համաձայնութեան գործադրութիւնը»։
Յիշեցնենք, որ Սուրիա տարբեր շրջաններէ դուրս բերուած իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչներուն հաւաքավայրը դարձած Իտլիպը կը գտնուի Անգարայի հսկողութեան տակ:
Ըստ Փութինի եւ Էրտողանի միջեւ գոյացած համաձայնութեան՝ Անգարա իրարմէ պիտի անջատէր Իտլիպ գտնուող «ողջամիտ» ընդդիմադիրները եւ իսլամ ծայրայեղական ահաբեկիչները։