«Ալիք»ը կը հաղորդէ, որ Հայ Մշակութային «Արարատ» կազմակերպութեան համալիրին յարող պողոտան՝ նախկին «Աֆթաբ»ը անուանափոխուած է իրանահայ ճարտարապետ, քանդակագործ եւ նկարիչ Ռոստոմ Ոսկանեանի ի պատիւ:
Թեհրանի իշխանութիւնները վերանուանման մասին որոշում տուին, երբ անցեալ տարի այցելեցին «Արարատ» մարզաւանը եւ ծանօթացան Ռ. Ոսկանեանի հեղինակած Ս. Խաչ մատուռի պատմական շինութեան:
Ռոստոմ Ոսկանեանի նախագծած շինութիւնները բազմաթիւ են՝ հասարակական եւ բնակարանային շէնքեր, որոնցմէ՝ «Արարատ» մարզաւանը, Հայ ակումբը, Թաւրիզի առաջնորդարանի կեդրոնական այգիի շրջափակին մէջ ՀՕՄի Ծերունի Գասպարեանի անուան մանկապարտէզը: