ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի ներկայութեամբ, 10 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ կառավարութեան անդամներու երդման արարողութիւնը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմէն յայտնեցին, որ առաջին հերթին երդում տուաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, այնուհետեւ՝ կառավարութեան անդամները՝ ընթերցելով օրենսդրութեամբ ամրագրուած հետեւեալ գրութիւնը. «Յանուն համազգային նպատակների իրականացման եւ հայրենիքի հզօրացման՝ երդւում եմ բարեխղճօրէն կատարել ժողովրդի առջեւ ունեցած պարտաւորութիւններս, պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութիւնը եւ օրէնքները, նպաստել Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ շահերի պահպանմանը, հաւատարիմ մնալ կառավարութեան անդամի բարձր կոչմանը»:
Արարողութեան աւարտին նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորեց վարչապետը եւ կառավարութեան անդամները՝ մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք՝ ի շահ պետութեան եւ ժողովուրդին: