ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, Երեւան կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ, 9 Սեպտեմբերին, Հայաստանի մօտ Արցախի մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ 44օրեայ պատերազմին պատճառով բռնի տեղահանուած եւ Հայաստան ապաստանած արցախցիներուն իրաւունքներու պաշտպանութեամբ զբաղող շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Քննարկուեցան Հայաստան գտնուող Արցախի քաղաքացիներուն ընկերային ապահովութեան իրաւունքի, տեղահանուած անձերու կարգավիճակի, Արցախի եւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրներով սահմանուած աջակցութիւններու, ինչպէս նաեւ այլ իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերող հարցեր։
Համաձայնութիւն գոյացաւ սերտօրէն համագործակցելու՝ Արցախի տեղահանուած անձերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ այս հարցերը միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնելու հետագայ նախաձեռնութիւններուն շուրջ։