ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը 9 Սեպտեմբերին ընդունեց Արցախի մէջ Ռուսիոյ խաղաղապահ ուժերու նորանշանակ հրամանատար, զօր. Միխայիլ Քոսոպոքովը եւ Հայաստանի մէջ ռուսական 102րդ ռազմական խարիսխի հրամանատար, գնդապետ Տմիթրի Օվչարովը:
Հանդիպման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպանութեան պաշտպանական հարցերոը կցորդը՝ գնդապետ Իգոր Շչերպաքով, Արշակ Կարապետեան կարեւոր նկատեց Հայաստանի տարածքին տեղակայուած ռուսական ստորաբաժանման դերը եւ նշանակութիւնը:
Ան բարձր գնահատեց ռուսական ջանքերը՝ տարածաշրջանին մէջ ռազմաքաղաքական իրավիճակի կայունացման, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ իրականացուող Ռուսիոյ խաղաղապահ առաքելութեան ընթացքը եւ արդիւնաւէտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն շուրջ:

Նոյն օրը, նախարար Արշակ Կարապետեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ հանդիպում ունեցաւ 44օրեայ պատերազմին անհետ կորսուած զինուորներու ու կամաւորներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ:
Նախարարը լսեց հարազատներուն մտահոգութիւնները եւ առաջարկները, ինչպէս նաեւ պատասխանեց անոնց հարցումներուն՝ յայտնելով, որ որոնողական աշխատանքները կը շարունակուին, ընդ որում՝ նկատի ունենալով նաեւ ծնողներուն ունեցած տեղեկութիւնները։ Ան հաստատեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի՝ անհետ կորսուած իւրաքանչիւր զինուորի ճակատագիրը բացայայտելու ուղղութեամբ:
Հանդիպման ընթացքին հարազատներուն կողմէ բարձրացուած հարցերուն շուրջ պաշտպանութեան նախարարը համապատասխան հարցերով զբաղող յանձնաժողովի նախագահ, զօր. Արթուր Սիմոնեանին տուաւ յանձնարարականներ։
Աւարտին, պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ նման հանդիպումներ պարբերական պիտի ըլլան՝ վստահեցնելով, որ հարցը կը գտնուի իր անմիջական ուշադրութեան տակ: