ԹԻՖԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- 8 Սեպտեմբերին, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան հայ-վրացական բարձր մակարդակի բանակցութիւնները: Այս նպատակով Թիֆլիս գտնուող Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեսակցեցաւ Վրաստանի նախագահին եւ վարչապետին հետ։
Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի հետ հանդիպումին զրուցակիցները ընդգծեցին հայ-վրացական բազմադարեայ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ երկու եղբայրական երկիրներու փոխգործակցութիւնը այս այցելութեամբ նոր ազդակ կը ստանայ:
Նոյն օրը, Փաշինեան եւ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման օրակարգային` քաղաքական, տնտեսական, առողջապահական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, կարեւոր նկատուեցան երկու երկիրներուն ջանքերը՝ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման մէջ։
«Մենք փոխադարձաբար արձանագրում ենք, որ, ցաւօք, մեր տարածաշրջանում բազմաթիւ չլուծուած հարցեր, կոնֆլիկտներ (բախումներ, վէճեր) եւ սպառնալիքներ կան, բայց մենք մեր երկխօսութեան մէջ փորձում ենք աւելի շատ իրար օգնել, որպէսզի կենտրոնանանք հնարաւորութիւնների վրայ, որոնք զուգահեռաբար գոյութիւն ունեն: Կարծում եմ` հնարաւորութիւնների օգտագործման հարցում իրար աջակցելը հէնց այդ բանաձեւն է, որը պիտի մեզ համար աւելի հնարաւոր եւ հասանելի դարձնի ռիսկերի (վտանգներու) կառավարումը», յայտնեց Փաշինեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցին՝ 15 Յունիսին հայ գերիներու հայրենադարձման մէջ ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Երկու երկիրներուն վարչապետները համաձայնեցան, որ յառաջիկային դարցեալ կ՛աշխուժացնեն միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքները:
Հայաստանի վարչապետը նշեց նաեւ, որ իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց երկու երկիրներու տարանցման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ երկուստեք ներուժի մեծացման հաւանական ձեւերը՝ ուժանիւթի եւ հաղորդակցութեան ոլորտներուն մէջ։
Հայաստանի վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կազմող Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 8 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Վրաստանի փոխվարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ: Զրուցակիցները քննարկեցին «Պարսից ծոց-Սեւ ծով» միջազգային փոխադրութեան միջանցք ստեղծելու համաձայնագիրին վերաբերող հարցեր եւ այդ ծիրին մէջ նոր կարելիութիւնները:
Նախարարները անդրադարձան բարեկամական եւ դրացիական բնոյթ ունեցող հայ-վրացական յարաբերութիւններու լայն օրակարգի հարցերու, պատրաստակամութիւն յայտնեցին ջանքեր գործադրելու՝ փոխգործակցութեան առաւել խորացման ուղղութեամբ, մասնաւորապէս, քաղաքական, տնտեսական, հաղորդակցութեան, մշակութային, մարդասիրական եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներուն մէջ:
Երկուստեք յայտնեցին, որ երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութեան աշխուժացումը եւ համագործակցութիւնը պիտի նպաստեն շրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան:

Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը նկատէ Վրաստանի հետ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան խորացումը` այս պարունակին մէջ առանձնացնելով Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի դերը։
Շրջանին մէջ կայուն զարգացման եւ անվտանգութեան ամրապնդման պարունակին մէջ, նախարար Միրզոյեան կարեւոր նկատեց տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ու երթեւեկի ապաշրջափակումը, ինչ որ նաեւ նոր կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Հայաստան-Վրաստան համագործակցութեան ընդլայնման համար:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին` Արարատ Միրզոյեան ընդգծեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ տագնապին խաղաղ լուծման գործընթացի վերսկսման անհրաժեշտութիւնը:
Political “accomplishments” in 30 years: under planned FAKE independence, stealth
“BASTILLE PRISONER HAND CUFFED” , 1991-1994 WINNING Karabagh War, forced,
turning DOUBTFUL, NEGOTIABLE, REACHED 30% SIZE TODAY, TO BE LOST TOTALLY
IN 5 YEARS. Communicating Latchin passage under attack, MEGHRI TOWN UNDER
THREAT, because of losing international war; against new “FREE” ARMAMENT, NOW
ASKING 75% IN COPPER MINES, MOLYBDENUM (8% WORLD RESERVE) , AMOULSAR
URANIUM/GOLD MINES (SOME TYPE ARMAMENTS USABLE BY PERMISSION==YOU
CANNOT USE); NORTH SOUTH HIGHWAY NOT FINISHED, GAS PRICES STILL 300%
HIGHER, NO IRRIGATION WATER FOR POOR FARMERS ASKING HUGE AMOUNTS,
MIGRATION ON HIGHEST NUMBERS, JUDICIARY NOT WORKING, DIPLOMACY ON
LOWEST GRADE, ARMY DISORGANIZED, OUTSIDE CRITICS FORBIDDEN TO LISTEN
JAIL-STRONG FINES, DICTATORSHIP RISING, ALL AGREEMENTS SECRET, IMPOSED
LAST MINUTE “AS OBLIGED”, DIASPORA THROWN OUT BY 4 YEARS LAWS,
REACHING TO POINT OF TOTAL CAPITULATION SOON ; ALL 30 YEARS LEADERS
ARE GUILTY OF HIGH TREASON NO EXCEPTION, WITHOUT LETTING SMALLEST
“HOOYS-HOPE” FOR “ABAKA-FUTURE”, unless MINSK 3 GROUP START TAKING
FINAL DECISIONS, WITH INTERNATIONAL COURTS FINAL APPROVAL, WHICH
COULD BE PUSHED WITH DIASPORA UNITED BODY AS 80% NATIONALS, THROWN
OUT FROM THEIR HOMELAND BY GENOCIDE . THEN THERE IS HOOYS FOR ABAKA.