ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 7 Սեպտեմբերին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ բեմադրիչ Վահան Խաչատրեանի բեմադրութեամբ ներկայացուեցաւ Ռիչըրտ Քալինոսքիի «Հրէշը Լուսնի Վրայ» թատերախաղը` երկու գործողութեամբ:
Նախքան ներկայացման մեկնարկը, Վահան Խաչատրեան ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախի Հանրապետութեան նախագահի` կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու խորհրդական Արմէն Սարգսեանին, որուն շնորհիւ եւ միջնորդութեամբ Արցախի մէջ կազմակերպուեցաւ այս ներկայացումը։
Ներկայացման նիւթը Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ ապաստան գտած հերոսներու կեանքի պատմութիւնն է:
Ըստ Վահան Խաչատրեանի՝ ներկայացումը մեր անցեալին մասին է: Պատմութիւնը կը սկսի 1921ին եւ կը ներկայացնէ մեր` հայերուս հաւաքական կերպարները` լուսաւոր, գեղեցիկ, մազապուրծ եղած մեծագոյն դժուարութիւններէն: Վերապրողները, հասնելով ովկիանոսէն այն կողմ՝ կը փորձեն կառուցել իրենց երջանկութիւնը: