ՓԱՅԼԱՆ ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ՅՍՏԱԿԱՑՈՒՄ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ ՄԱԼԱԹԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԳԾՈՎ
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմէնիհապեր»․- Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ հայկական եկեղեցին, ուր Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան յատուկ արտօնութեամբ տարին միայն մէկ անգամ պատարագ կը մատուցուի, այս տարի եւս իր դռները բացած է հաւատացեալներուն առջեւ։
5 Սեպտեմբերին, արարողութեան հանդիսապետեց Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան գլխաւոր քարտուղար եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Թաթուլ Ծ․ վրդ․ Անուշեան։
Նշենք, որ 95 տարուան դադարէ մը ետք, 2010էն ի վեր ամէն տարի Սեպտեմբերին՝ Խաչվերաց տաղաւար տօնին յաջորդող կամ նախորդող Կիրակի օրը, Վանի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի, սակայն թուրք-քրտական զինուած բախումներուն պատճառով՝ Թուրքիոյ իշխանութիւնները 2015-2017ին չէին արտօնած պատարագներու իրականացումը։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան անդրադարձաւ Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցւոյ հարցին։
Նշենք, որ առաւել քան 100ամեայ դադարէ ետք, այնտեղ 29 Օգոստոսին մատուցուեցաւ առաջին պատարագը, սակայն եկեղեցին վերաբացուած է՝ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն, ուր, այնուամենայնիւ, հայ համայնքը պիտի կարենայ մկրտութեան եւ պսակադրութեան արարողութիւններ իրականացնել։ Սակայն, թրքական իշխանութիւնները եկեղեցւոյ ցուցանակին վրայ նշած են միայն մշակոյթի կեդրոն ըլլալու հանգամանքը։ Փայլան հարցին վերաբերեալ հարցում ուղղեց Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյին՝ մասնաւորապէս նշելով․ «Մալաթիոյ Սուրբ Երրորդութիւն հայկական եկեղեցին վերականգնելով՝ զայն բացիք իբրեւ «մշակոյթի կեդրոն»։ Այս պատմական եկեղեցւոյ վրայ ցուցանակ տեղադրեցիք, որուն վրայ գրուած է․ «Թաշխորանի մշակոյթի եւ արուեստի կեդրոն»։ Այն փաստը, որ սոյն եկեղեցին, ուր մինչեւ 1915 իրենց կրօնական արարողութիւնները կատարած են նաեւ իմ ընտանիքի մեծերը, չէ բացուած իբրեւ եկեղեցի, որ անհանգստացուցած է հայ համայնքը». ապա ան կը հարցնէ հետեւեալը․ «Ինչո՞ւ չկրցաք եկեղեցին կոչել Մալաթիոյ իմ եկեղեցին, ինչո՞ւ եկեղեցւոյ գմբեթին չտեղադրեցիք խաչը եւ հայ քաղաքացիները սեփական եկեղեցւոյ մէջ պատարագ եւ այլ արարողութիւններ ընելու համար ձեզմէ՞ պէտք է արտօնութիւն ստանան»։