2022ի աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան Եւրոպայի գօտիի Ժ. խմբակին մէջ տեղի ունեցած զտումի մրցաշարքի ծիրին մէջ, Հայաստանի ազգային հաւաքականը 5 Սեպտեմբերին, Շթութկարթի մէջ հիւրը եղաւ Գերմանիոյ եւ կրեց ծանր պարտութիւն մը` 6-0 արդիւնքով:
Հիւրընկալ կազմը իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 12 կէտ: 9 կէտ ապահոված Հայաստան, որ այսպիսով կրեց մրցաշարքի իր առաջին պարտութիւնը, նահանջեց երկրորդ դիրք:
Հայաստանի հաւաքականը վաղը պիտի հիւրընկալէ Լիխթընշթայնի կազմը։