«Նանօր»ի ձայնապնակին պահպանակը Ալէք Մնակեան կը խմբավարէ «Նանօր» երգչախումբը Երգահանդէսներուն գրքոյկներուն կողքերէն մէկը Ալէք Մնակեան
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան
Համազգային հայ մշակութային եւ կրթական ընկերակցութիւնը իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն հետամուտ եղած է սատարել հայ մշակոյթի տարածման իր այլազան մարզերուն մէջ՝ երաժշտութիւն, թատրոն, գրականութիւն, նկարչութիւն, պարարուեստ եւ այլն:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, վերոյիշեալ աշխատանքները դանդաղած էին եւ հրապարակը գրաւուած էր ոչ հայաշունչ ու անորակ արուեստի եւ մշակոյթի այլազան երեւոյթներով, յատկապէս երաժշտական օտարաշունչ արտադրութիւններով, որոնք հայեցի դրոշմ չունէին եւ մղոններ հեռու էին հայ տոհմիկ եւ մաքուր երաժշտութիւնէն: Հայ երեխային, պատանիին եւ երիտասարդին ականջները կ՚ողողուէին օտարաստեղծ երաժշտութեամբ, երգերով եւ նուագով:
Մեծ մտահոգութիւն մը կ՛ապրէր լիբանահայութիւնը եւ մասնաւորապէս Համազգայինի պատասխանատու մարմինները եւ կազմերը: Այս մտահոգութենէն մղուած 1977ին ստեղծուեցաւ մանկապատանեկան «Ծնծղայ» երգչախումբը, որ երկու տարի մնաց պատնէշի վրայ եւ լիբանահայութեան հրամցուց զուտ հայկական երաժշտութիւն եւ տոհմիկ ու հայկականութիւն բուրող երգեր:
«Ծնծղայ» երգչախումբին յաջորդեց մանկապատանեկան «Նանօր» երգչախումբը, որ շուտով լեցուց «Ծնծղայ»ին բացը:
«Նանօր»* երգչախումբը ստեղծուեցաւ1979ի վերջաւորութեան, Համազգայինի Անթիլիասի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ: Այդ օրերուն ես մաս կը կազմէի Շրջանային վարչութեան եւ մօտէն կը հետեւէի «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութեան գործունէութեան: Խելացի եւ կարեւոր նախաձեռնութիւն մըն էր, որ իրականացաւ մասնաճիւղի վարչութեան անդամներուն անխոնջ աշխատանքով: Անոնք դիմեցին վաստակաւոր երաժիշտ, խմբավար եւ ձեռնադաշնակահար Ալէքսան Մնակեանին, որ սիրայօժար ընդառաջեց իրեն ներկայացուած առաջարկին՝ ստանձնելու երգչախումբին խմբավարութիւնը: Շուտով մամուլով յայտարարուեցաւ «Նանօր» երգչախումբին հաստատումը եւ դիմուեցաւ հայ ծնողներուն, որպէսզի իրենց զաւակները արձանագրեն նորաստեղծ երգչախումբին: Շուտով ամբողջացաւ երգչախումբի կազմը: Հետեւեալ 39 հոգին՝ երեխայ եւ պատանի, 8-13 տարեկան տղայ եւ աղջիկ, մաս կազմեցին երգչախումբին. Հուրի Գէորգեան, Հրայր Գէորգեան, Ցոլեր Խաչերեան, Սալբի Ծատուրեան, Շողիկ Գալայճեան, Ճոնի Թահհան, Ալին Լիպարեան, Ներսեհ Լիպարեան, Մարալ Բրինձեան, Վահրամ Էմմիեան, Ալին Թիւթիւնճեան, Հրաչ Ծատուրեան, Լիզա Բրինձեան, Վաչէ Գալլողլեան, Լենա Թէճիրեան, Թալին Ծատուրեան, Հուրի Պետրոսեան, Ստեփան Պոյաճեան, Արսինէ Տաղտեւերէնեան, Ալին Գարագաշեան, Րաֆֆի Էթիէմեզեան, Մարիա Էթիէմեզեան, Գրիգոր Օղկասեան, Սալբի Պէրպէրեան, Ցոլինէ Գոնեալեան, Արմէն Նորընծայեան, Մարիա Կուրկուրեան, Շաղիկ Շահինեան, Դանիա Ստամպուլեան, Լենա Գոնեալեան, Վահէ Թաշճեան, Թալին Թաթուլեան, Վիգէն Շամլեան, Թամար Շամլեան, Շաղիկ Գանտահարեան, Փօլ Գունտագճեան, Թալին Էթիէմեզեան, Յասմիկ Շահինեան եւ Դալար Հարպոյեան:
Վարչութիւնը յառաջացուց յատուկ երաժշտական յանձնախումբ մը, որ պիտի ստանձնէր երգչախումբին թեքնիք պատասխանատուութիւնը եւ գործակցաբար խմբավարին պիտի պատրաստէին երգացանկ մը: Յանձնախումբին անդամներն էին՝ Գէորգ Գանտահարեան, Էլիզապէթ Պտղունի-Հարպոյեան եւ Լենա Քիւրքճեան: Խմբավարի եւ երաժշտական յանձնախումբին հայեցողութեամբ երգչախումբին դաշնակարուհին նշանակուեցաւ Շաքէ Պտղունի-Գազանճեան: Խմբավար եւ երաժշտական յանձնախումբ պատրաստեցին երգահանդէսի մը երգացանկը եւ վարչութեան հետ համախորհուրդ որոշուեցաւ մի քանի ամիս ետք ներկայանալ լիբանահայութեան՝ յատուկ երգահանդէսով մը:
Երգչախումբին փորձերը սկսան օրինաւոր կերպով: Առաջին շաբաթներուն երգչախումբը ունեցաւ շաբաթը մէկ փորձ, իսկ ետքը՝ երկու փորձ, Անթիլիասի «Աղբալեան» ակումբի սրահին մէջ:
Որպէս գեղարուեստի եւ երաժշտութեան մարդ՝ Ալէք դէմ էր թափթփածութեան, լրջութեան պակասի, անկազմակերպ աշխատանքի, մակերեսային մօտեցումներու, դիւրին եւ հապճեպ կարգադրութիւններու: Ան խստապահանջ էր, նախապատրաստական աշխատանք եւ ծրագրում պայման էին ձեռնարկի մը յաջողութեան համար: Գեղարուեստական եւ մշակութային յաջողութեան համար նիւթական խնայողութիւնը մեղաւոր յանցանք կը նկատէր: Ամէն ձեռնարկ աւանդ մը պէտք էր ձգեր իր ետին անպայման:
Ալէք կը հաւատար հայ երաժշտութեան կարեւորութեան հայ տուներէ, հայ ակումբներէ եւ հայ վարժարաններէ ներս: Անհրաժեշտ էր, որ հայ մանուկը երգէր հայերէն, բայց հայերէն երգելու համար հայ մանուկը պէտք է լսէր եւ սորվէր մաքուր եւ տոհմիկ հայ երգը:
Վերոյիշեալ մտահոգութիւնները նկատի ունենալով, Ալէք սկսաւ «Նանօր» երգչախումբի փորձերը: Ան իր հետ ունենալով դաշնակարուհին՝ Շաքէ Գազանճեանը, կարողացաւ իր հմտութեամբ եւ փորձառութեամբ սորվեցնել «Նանօր» ի մատղաշ անդամներուն երգելու արուեստը, հայկական ազգային, հայրենասիրական, մանկական եւ յեղափոխական երգեր, ինչպէս նաեւ արաբերէն ժողովրդային եւ եւրոպական դասական երաժշտութենէն որոշ երգեր:
Ալէք իր փորձերու ընթացքին կը մանկանար փոքրիկներուն հետ, կը կատակէր, կը խնդար ու հաճելի մթնոլորտ կը ստեղծէր, բայց կու տար իր բծախնդրութենէն եւ իր հայ երաժշտի հմտութենէն՝ առնելու համար անոնցմէ իր սպասածը:
Խմբավար Ալէք Մնակեան նպատակայարմար գտաւ երգչախումբին երգահանդէսը իրականացնել յատուկ սենեկային նուագախումբի մը ընկերակցութեամբ: Այս կը պահանջէր յաւելեալ աշխատանք եւ նիւթական պարտաւորութիւն: Համազգայինի Աղբալեան մասնաճիւղի վարչութիւնը սիրով ընթացք տուաւ խմբավարին ներկայացուցած առաջարկին եւ ստանձնեց սենեկային նուագախումբի նիւթական պարտաւորութեան պատասխանատուութիւնը: Ալէք շուտով կազմեց սենեկային նուագախումբը, որուն անդամները Պէյրութի պետական երաժշտանոցի ուսուցիչներէն էին: Երգչախումբի վերջին երկու փորձերը տեղի ունեցան սենեկային նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
Խմբավար, դաշնակարուհի, սենեկային նուագախումբ եւ երգչախումբ պատրաստ էին ներկայանալու լիբանահայութեան:
Երգչախումբը իր չորս ելոյթները ունեցաւ 14-17 Փետրուար 1980ին՝ Պուրճ Համմուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ։
«Նանօր» երգչախումբի ուրախ եւ ինքնավստահ փոքրիկները բեմ բարձրացան ղեկավարութեամբ Ալէքսան Մնակեանի եւ ընկերակցութեամբ սենեկային նուագախումբին: Յայտագիրը բաղկացած էր երկու մասէ: Առաջին մասով «Նանօր»ի անուշիկ փոքրիկ երգիչները երգեցին Ա. Բաբաջանեանի «Անուշ Հայաստան»ը, Բ. Կանաչեանի «Մեղու»ն, «Խաղաղ գիշեր»ը եւ «Ճընկըլը մընկըլը», եւ Ա. Մնակեանի «Արտուտիկ»ը, «Սուրբ Ծնունդը», «Կենդանիներու ժողովը», որ առաջին անգամ ըլլալով ունկնդրուեցաւ: Առաջին մասը փակուեցաւ Ա. Մնակեանի մշակումով եւ դաշնաւորումով յեղափոխական հինգ երգերով՝ «Աքսորի երգը», «Ձայն տուր ով ֆետայ», «Հայ մօր երգը», «Պարզիր աղբիւր» եւ «Սալուխի կռիւը»:
Յայտագրի երկրորդ բաժինով երգչախումբը երգեց նախ արաբերէն ժողովրդային «Մուաշահադ» երգերու շարք մը, որոնցմէ ետք մեր փոքրիկները երգեցին՝ Ս. Սամուէլեանի «Թիթեռ»ը, Ա. Նազարեանի «Գարուն» պարերգը եւ «Ծտիկը», Կ. Զաքարեանի «Գարուն»ը, Ա. Մնակեանի «Ծիտիկի օրօրը», Մոցարթի «Ալէլուա»ն (մեներգիչն էր փոքրիկն՝ Դալար Հարպոյեան) եւ Ս. Մուրատեանի «Առաւօտը»:
Փոքրիկները երգեցին զգացումով եւ երաժշտութեան նրբութիւններով: Անոնք մեկնաբանեցին ճշգրտութեամբ՝ շնորհիւ իրենց խմբավարի մանկավարժական –ճշգրիտ մօտեցումներուն, երաժշտական հմտութեան եւ երգելու արուեստի ուսուցման: Փոքրիկները երգեցին այդ օր մեղմ, զուսպ, կշռոյթով եւ զգացումով: Խմբավարը յաջողած էր այդ օր իր առաքելութեան մէջ: Ուրախ էին փոքրիկները, ուրախ էր խմբավարը տեսնելով իր աշխատանքին արգասիքը: Սակայն ամենէն աւելի ուրախ էր հայ ունկնդիրը, որուն ականջներուն մէջ դրոշմուեցաւ հարազատ հայաշունչ եւ մաքուր հայ երաժշտութիւնը:
Չորս օր սրահը լեցուն էր տարեց, երիտասարդ, պատանի եւ երեխայ հայորդիներով: Հայկական երաժշտական փառատօն մըն էր, որ կը կատարուէր: Ներկաները լուռ, բայց ցնծութեամբ կ’ունկնդրէին երգահանդէսի իւրաքանչիւր երգը եւ բարձրաձայն բացագանչութիւններով ու երկար ծափահարութեամբ կ՛արտայայտէին իրենց շնորհաւորութիւններն ու գնահատանքը:
Եւա Տէրվիշեան «Ազդակ»ին մէջ երգահանդէսի չորս ելոյթներէն ետք գրած էր. «Բուռ մը անմեղ ու մատղաշ էակներու նոյնքան անմեղ ձայներով հաղորդուելու աղուոր առիթ մը ընծայեցին մեզի Համազգայինի Անթիլիասի մասնաճիւղին մանկապատանեկան «Նանօր» երգչախումբի վերջին ելոյթները»:
Այս աննախընթաց յաջողութենէն ետք երգահանդէսը մի քանի շաբաթ ետք կրկնուեցաւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Assembly Hall-ին մէջ, Համազգայինի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ:
Այս երգահանդէսին ներկայ էին, հայ մամուլի ներկայացուցիչներուն կողքին, La Revue du Liban եւ Monday Morning թերթերու երաժշտութեան թղթակիցները: La Revue du Liban թերթի թղթակիցը լայնօրէն անդրադարձած էր երգչախումբի կատարելագործուած երգեցողութեան եւ գնահատանքով արտայայտուած էր կատարուած աշխատանքին մասին: Իսկ Monday morning թերթին թղթակիցը գրած էր՝ «They sang with accuracy, flexibility, feeling and breadth of dynamics. Diminutive Talar Harboyan’s performance was the hit of the afternoon as she landed on the top note of the aria with dazzling precision and purity»։
Շատ կարեւոր էր երգչախումբէն դուրս հազարաւոր հայ երեխաներն ու պատանիները մաքուր եւ հայաշունչ հայ երգին հաղորդակից դարձնելու աշխատանքը: Այս մտահոգութենէ մղուած՝ Համազգայինի «Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը որոշած էր երգահանդէսի օրը տեղւոյն վրայ արձանագրել երգահանդէսը եւ ապա պատրաստել ձայնապնակ մը:
Այդ որոշումը գործադրուեցաւ շնորհիւ վարչութեան հայ մշակոյթին հանդէպ ունեցած նուիրումին եւ հրապարակուեցաւ «Նանօր» երգչախումբին ձայնապնակը, որպէսզի հայ երգը մատչելի դառնայ բոլոր հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն:
Դժբախտաբար երկար չտեւեց «Նանօր» երգչախումբին գործունէութիւնը խմբավարին՝ Ալէք մնակեանին Լիբանանէն մեկնումով: Սակայն «Նանօր» ձայնապնակը մուտք գործեց շատ մը հայ տուներէ ներս եւ եղաւ մտերիմ ու անբաժանելի ընկերը հայ երեխաներուն եւ պատանիներուն:(*) «Նանօր»՝ Բարսեղ Կանաչեան «օ»ով գրած է, իսկ Համազգայինին «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի վարչութիւնը գրած է «ո»ով՝ «Նանոր»: