Արագ ճատրակի «Էյմչես Եու.Էս. Օփըն» առցանց մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող հայրենի գերվարպետ Լեւոն Արոնեան ապահովեց կիսաւարտական հանգրուանի իր տոմսը, մրցաշարքէն դուրս ձգելով ատրպէյճանցի Շահրիար Մամետեարովը:
Քառորդ աւարտականի մրցումներուն առաջին օրը Արոնեան արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդ օրը` 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: