ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածեց հաղորդագրութիւն մը այն մասին՝ որ իբր թէ 3 Սեպտեմբերին` կէսօրուան ժամը 1էն 2:15, հայկական կողմը ռմբակոծած է Շուշիի մէջ տեղակայուած դիրքերէն մէկը եւ պատասխան գործողութիւններէ ետք, կորուստներ կրելով, նահանջած է:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ասիկա ատրպէյճանական կողմի ապատեղեկատուութիւն է՝ նշելով, թէ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խստօրէն կը յարգեն զինադադարի պահպանման դրութիւնը եւ պատասխան գործողութիւններու կը դիմեն միայն հակառակորդի սադրանքները կանխելու համար:
Քիչ անց, Ատրպէյճանի ապատեղեկատուութիւնը հերքեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը՝ դիտել տալով, որ 3 Սեպտեմբերին կրակի դադրեցման դրութեան խախտում չէ արձանագրուած։
«Ռուս խաղաղապահներուն կողմէ 27 դիտակէտներու մէջ կ՛իրականացուի իրադրութեան շուրջօրեայ դիտարկում եւ զինադադարի դրութեան պահպանման վերահսկողութիւն: Խաղաղապահները երեք երթուղիներով հսկողութիւն կը կատարեն Ասկերանի, Մարտունիի եւ Մարտակերտի շրջաններուն մէջ», նշեց Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: