Գէորգ Պետիկեան

Արդէն 15 տարի անցած է իր «մեկնումէն» եւ չեմ գիտեր ու նաեւ չեմ յիշեր, ինչո՞ւ օրին չէի անդրադարձած իր մասին, իբրեւ յարգանքի տուրք: Իսկապէս, կը ցաւիմ: Գոնէ, յետ մահու յարգանքի եւ ցաւի տողերովս վշտակցութիւնս յայտնէի իր ազնիւ տիկնոջ՝ իմ նախկին ուսուցչուհիիս ու նաեւ հանգուցեալի զաւակներուն եւ յատկապէս Շահանին եւ անոր ընտանեկան պարագաներուն, դպրեվանքին եւ սփիւռքահայութեան: Բայց ինչպէս առածը կ’ըսէ. «Աւելի լաւ է ուշ՝ քան երբեք…»:
Բայց, որո՞ւ մասին են այս տողերը, յանկարծ կրնայ հարց տալ համեստ ընթերցողը: Պատասխան.- ուսուցիչիս՝ պարոն Գէորգ Գանտահարեանի…:
Ու անպայման իր մահուան տխուր առիթով, իր վաստակին նուիրուած տողերն ալ կ՛ուզեմ յիշել: Այսպէս .
«Հանգուցեալ Գէորգ Գանտահարեան՝ Կրթական, Մշակութային, Կուսակցական եւ Ազգային, Հասարակական Գործիչ, Մանկավարժ, Երաժիշտ, Խմբավար»: Ու տակաւին՝ «կենսունակ եւ զուարթ բնաւորութիւն ունեցող գլխագիր մարդ, հայ, դաշնակցական, ուսուցիչ, մշակոյթի ծառայ, հայ եկեղեցւոյ երկրպագու, եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թունդ պաշտպան»։ Ու այս առթիւ, նաեւ իմ կողմէ ալ աւելցնեմ, որ բախտը ունեցած եմ իր շունչին տակ տարիներով աշակերտելու:
Մէկ խօսքով՝ հայերէն լեզուի ուսուցիչս եղած էր այս վաստակաշատ ՄԱՐԴԸ, որ անուշ ժպիտը դէմքին, իբրեւ ղեկավար կամ խմբավար, կամ դասատու, բոլորին եւ հաւասարապէս կը փոխանցէր իր թելադրանքներն ու ցուցմունքները, կը կատարէր իր գնահատականներն ու արդարացումները, կը յայտնէր իր ներողամտութիւնն ու մտահոգութիւնները ու կը հեռանար քաղաքավար, նոյնքան ալ յարգանքով: Մէկ խօսքով, ստեղծագործ խառնուածքի տէր մէկը, որ օժտուած էր կեանքը դիտելու, պատկերելու եւ ապրուած կեանքերը պայծառ ու ճաշակաւոր, հրապուրիչ կերպով ներկայացնելու անկրկնելի ձիրքով:
Անոնք, որոնք մօտէն կամ հեռուէն ճանչցան զինք, եւ աւելին՝ ապրած են անոր մտերմութիւնը եւ հետեւած անոր կեանքի հանգրուաններուն, անպայման ինծի հետ կրկնելու գնով պիտի հաստատեն այս բոլորը, ըսելով, թէ «պարոն Գ. Գանտահարեան, ուրիշ մէկը չէր, եթէ ոչ հայ մշակոյթին հաւատաւոր, նուիրեալ, եզակի ու բացառիկ անձնաւորութիւն մը»:
Առաջին անգամ իրեն հանդիպած եմ, երբ տակաւին նախակրթարանի երկրորդ կարգի աշակերտ էի, Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի տղոց բաժինը, որ այդ օրերուն մեր թաղին մէջ կը գտնուէր, ճիշդ պատկիցը՝ մեր բակին, ու ինք, հայերէն լեզուի մեր նոր ուսուցիչն էր: Ու պատահեցաւ, որ եօթը դրացիներով խճողուած մեր բակէն ներս, շուրջ քսան եւ աւելի աստիճաններ ունեցող երկրորդ յարկի սենեակներէն մէկը, օր մը, «պարպուեցաւ»: Եւ որովհետեւ դպրոցի երեց ուսուցիչ եւ մեզի հայրենակից՝ պարոն Դերձակեանը ծնողքիս իմացուցած էր, որ նորեկ ուսուցիչ մը վարձու «սենեակ» մը կը փնտռէր, անմիջապէս մայրս «պարապ» սենեակին լուրը, դպրոց փոխանցելու «պարտականութիւնը» ինծի տուած էր:
Ու կը յիշեմ, Շաբաթ օր մը, կէսօրին, գաղութի յայտնի ուսուցիչներ՝ Եդուարդ Էլոյեան, Փիլիպոս Դերձակեան եւ Գէորգ Գանտահարեան, յանկարծ մեր բակը մտան: Բակի պատասխանատու եւ դրացի՝ պարոն Յարութիւնը, նախ իրենց ցոյց տուաւ «պարապ» սենեակը: Միջոցին, մայրս արագ մը սուրճ պատրաստելով, ափսէի մէջ շարելէ ետք, ինծի յանձնեց, որպէսզի երկրորդ յարկ բարձրանալով՝ հիւրասիրեմ: Ու չորսն ալ, ոտքի վրայ, սուրճը խմելով շարունակեցին իրենց «խօսակցութիւնը»: Այսչափ կը յիշեմ: Սակայն անկէ ետք, Երկուշաբթի օր, կէսօրուայ դադարին, պարոն Գանտահարեան զիս ուսուցչարան կանչելով, ըսաւ, որ թէեւ մեր բակի այդ սենեակն ու դրացիները ինք հաւնած էր, սակայն «աստիճանները, իր մօր համար շատ էին եւ բարձր»: Ես այս լուրը նոյն օրն իսկ փոխանցած էի, առ որ անկ էր:
Ու տակաւին, երբ Ճեմարանի վերջընթեր դասարանի աշակերտ էի, ինք, Ճեմարանի անգլերէնի մեր ուսուցչուհիներէն՝ օրիորդ Մարոյին հետ նոր նշանուած էր, ու այդ օրերուն, իբրեւ հիւր, Պէյրութէն, մեր դպրոցը այցելութեան եկած: Մեր տնօրէնը, իրմէ խնդրած էր, որ վարժարանի ամավերջի հանդէսին համար, աշակերտական երգչախումբ մը կազմէր: Ու աներեւակայելի…պարոն Գանտահարեան ճիշդ տասը օրերու ընթացքին, մեր դպրոցի, շուրջ յիսուն երկսեռ աշակերտներէ բաղկացած երգչախումբով, քառաձայն, վեց երգերով ճոխացած յայտագիր մը հրամցուց, որ ոչ միայն ներկաներուն, այլ նաեւ ամբողջ հալէպահայութեան ջերմ գնահատանքին արժանացաւ:
Ձիրք: Կորով եւ հմտութիւն:
Իսկ անկէ ետք, երբ «Մարտիկեան» (Անթիլիաս, դպրավանքէն ներս) վարժարանէն ներս ուսուցիչ էի, իսկ ինքն ալ՝ դպրեվանքի դասախօս, վանքի շրջափակին մէջ, մեր ամէնօրեայ սովորական հանդիպումները, զանազան հին ու նոր յուշերով ու կատակներով կը ճոխացնէինք:
Ահա, կը կրկնեմ, մեծ ՀԱՅ մը, որ իր բնատուր տաղանդով կը հաւատար մեր ժողովուրդի կամքին ու ապագային: Կը պաշտէր մեր լեզուն եւ մեր երաժշտութիւնը: Ահա թէ ինչո՞ւ հպարտ ու երախտապարտ եմ, որ ոչ միայն իր աշակերտը եղած էի, այլ նաեւ հազարաւոր իր խօսակիցներէն եւ հաւատաւոր ընկերներէն մէկը, եւ որուն հետ յաճախ կիսած էի հայ մշակոյթի բոյրով օծուն իր միտքն ու հայու երազը:
Ու պարոն Գանտահարեան բոլորիս համար այդպէս ՄԵԾ մնաց: Մնաց, իբրեւ հարուստ վաստակի եւ մանաւանդ կոչումի տէր հայ մարդ, հայ կրթական մշակն ու հայ երաժշտութեան անկեղծ զինուոր, որ մարդոց յիշողութեան մէջ երբեք չի խամրիր: Այլ խօսքով՝ անկրկնելի երեւոյթ:
Ու բոլորին նման, ամէն առիթով ըսած ու կրկնած եմ, թէ ժամանակի վազքը, մեզ գրեթէ կը զրկէ մեր շուրջը տիրող զանազան երեւոյթներէն, մեր շրջապատէն ներս տեղի ունեցող անգոյն եւ գունաւոր անցուդարձներէն, որոնց իբրեւ հետեւանք, այսպէս կոչուած արժանաւոր մարդոց, նաեւ մեր մտերիմներէն յաճախ հեռուէն կը խօսինք, հեռուէն կը ծանօթանանք եւ կը բաժնենք մեր ուրախութիւնն ու տխրութիւնը ու նաեւ մեր վիշտը ու յաճախ ալ նոյնիսկ հեռուէն կը ցաւակցինք:
Մէկ խօսքով, մեր կեանքի շատ մը իրադարձութիւնները կամ հանդիպած հետաքրքիր անձնաւորութիւնները, կը վերարժեւորենք տարիներու հեռաւորութիւններէն: Ի՞նչ կրնանք ընել: Այս այսպէս է, ըսելով մենք մեզ կը համոզենք: Չգրուած օրէնք: Իրարմէ հեռու եւ անջատ:
Անկասկած, պարոն Գանտահարեան, բոլորիս համար օրինակելի ընկեր մը ըլլալով, մինչեւ այսօր իր ետին մեծ բացակայութիւն մը ձգած է: Հպարտօրէն կրնանք վկայել, թէ հայ լեզուին, հայ երաժշտութեան եւ հայ մշակոյթին համար իր ունեցած անսակարկ մատուցումը, միշտ եղած էր անզուգական, իսկ իր ազգին ծառայելու վաստակը՝ անհունօրէն գնահատելի, որովհետեւ իր իսկ կոչումով եւ իր անսակարկ վաստակին շնորհիւ, մեր «ազգային կշիռքը» հարուստ հունձքով արժեւորուած է:
Նաեւ կ՛ուզեմ աւելցնել, որ կ՛ապրինք այնպիսի երկրի մը մէջ, ուր գրեթէ ամէն օր ձեւականութիւնը կը խառնուի աւանդութեան, համակրութիւնը կը շփոթուի յարգանքի եւ սիրոյ, իսկ համբաւն ու նուիրումը՝ արժէքին հետ: Բայց, որքան ալ մեր կեանքի մէջ ներմուծած ըլլանք այս երկրի ներկայի ընկերային կենցաղի տուրքերը, մեր հաւատքն ու սէրը, մեր յարգանքն ու մօտեցումը կը տարբերին բոլոր միւսներէն, որովհետեւ շնորհիւ հայ մշակոյթի անխոնջ մշակ Գէորգ Գանտահարեանի կեանքի օրինակին, մեր համոզումը կը փոխուի, կը լուսաւորուի եւ կը դառնայ արմատական ու հաստատ:
Ու իր յիշատակին նուիրուած այս տողերը դժբախտաբար եւ ակամայ թէեւ ուշացումով են, բայց եւ այնպէս, իբրեւ արժանաւոր աշակերտ, իմ կողմէս անոնք երախտագիտութեան համեստ ու ազնիւ տուրք մը ըլլալէ չեն դադրիր, անկասկած եւ հաստատօրէն:
Արդ, ափ մը խունկ եւ ծունկ մը աղօթք՝ իր վաստակին եւ բիւր յարգանք՝ իր յիշատակին: