
ՔՈՎԻՏ 19-Ի ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ԲԺԻՇԿԻ ՄԸ ՏԵՍԱԿԷՏԸ
Տոքթ. Էրիքա Ֆլորես Եուրիպ, Լոս Անճելըս շրջանի Հանրային Առողջապահութեան Բաժանմունք
«Քովիտ-19»ի քննութիւնը ի՞նչպէս ինծի կ՛օգնէ կանխարգիլելու ժահրին տարածումը:
«Քովիտ-19»ի քննութիւն կատարելը կ՛օգնէ ձեզի իմանալու եթէ «Քորոնա» ժահրը ունիք եւ կը կանխարգիլէ անոր տարածումը ձեր ընտանիքի, ընկերներու եւ համայնքի շրջանակներուն մէջ: Եթէ քննութեան արդիւնքը դրական է, դուք ձեզ մեկուսացէք, որպէսզի ժահրը չտարածէք: Ձեր շուրջինները տեղեկացուցէք այդ մասին, որպէսզի իրենք նոյնպէս մեկուսանան եւ քննութիւն կատարեն: Այս ձեւով է որ կրնանք կասեցնել ժահրին տարածումը եւ կանխարգիլել «Քովիտ-19»ի յետագայ մագլցումի ալիքները:
Տարբեր տեսակի «Քովիտ-19»ի քննութիւնները տարբե՞ր են իրենց ճշգրտութեամբ: Եթէ այո, ո՞րն է լաւագոյնը:
Կան հիմնական երկու տեսակի «Քովիտ-19»ի քննութիւններ՝ մասնկային (molecular) եւ հակաթոյն (antigen). անոնք յաճախ կ՛անուանուին «Փի.Սի.Ար. քննութիւններ», որոնք ընդհանրապէս աւելի ճշգրիտ են: Անոնք կը զննուին տարրալուծարանի մէջ եւ արդիւնքը կը ստանաք քանի մը օրէն: Հակաթոյն քննութիւնները, որոնք յաճախ կ՛անուանուին «արագ քննութիւններ», կրնան զննուիլ որեւէ տեղ եւ պատասխանը կրնաք ստանալ շուրջ 20 վայրկեանէն: Ուտելիքի եւ Դեղերու Վարչութիւնը (FDA) կը յանձնարարէ քանի մը օրեր անընդմէջ կատարել բազմապատիկ հակաթոյն քննութիւններ՝ կատարելագործելու համար վստահելիութիւնը ժահրի գոյութեան հաւանականութեան:
Եւ յիշեցէք, որ կարեւոր չէ, թէ ո՛ր տեսակի «Քովիտ-19»ի քննութիւն կ՛ընտրէք, պէտք է շակ լաւ որակի նմոյշ մը տալ, որպէսի արդիւնքը ճշգրիտ ըլլայ: Երբ նմոյշը վերցնողը առողջապահութեան պատրաստուած մասնագէտ մըն է, այդ շատ պիտի օգնէ որ վերցուած նմոյշը բարձր որակի ըլլայ: Եթէ դուք՝ անձամբ պիտի վերցնէք նմոյշը ուշադրութեամբ հետեւեցէք ցուցմունքներուն:
Ինչպէ՞ս կրնամ քննութիւն կատարել, երբ իմ բժիշկին գրասենեակը «Քովիտ-19»ի քննութիւններ չի տրամադրեր կամ տրամադրելի ժամադրութիւններ չունի:
Եթէ չէք կրնար ժամադրութիւն մը ունենալ կամ չէք կրնար կապ հաստատել ձեր բժիշկին հետ, այցելեցէք covid19.lacounty.gov/testing կայքը՝ գտնելու համար ձեզի մօտիկ անվճար քննութեան վայր մը: Սակայն, կառավարութեան կողմէ ղեկավարուած քննութեան բազմաթիւ վայրերուն մէջ ժամադրութիւն առնելը պայման չէ. ժամադրութիւն ունենալը պարզապէս կը նուազեցնէ սպասելու ժամանակը:
Եթէ արդէն «Քովիտ-19»ի պատուաստը ստացած եմ, պէ՞տք է դարձեալ յաճախ քննութիւն կատարեմ, նոյնիսկ երբ ախտանշաններ չունիմ:
Ախտի Հսկողութեան եւ Կանխարգիլման Կեդրոնը (CDC) կը յանձնարարէ, որ անոնք, որոնք «Քովիտ-19»ի որեւէ նշան կամ ախտանշան ունին քննութեան ենթարկուին՝ անոնք պատուաստուած կամ նախապէս ժահրը ունեցած ըլլա՛ն կամ ոչ: Մի՛ մոռնաք, որ նոյնիսկ եթէ պատուաստուած էք պէտք է քննութիւն ունենաք, երբ շփում ունեցած էք անձի մը հետ, որ «Քովիտ-19»ի ժահրը ունի կամ հաստատուած է որ ունի:
Պատուաստուելու ժամադրութիւն առնելու համար այցելեցէք Vaccinatelosangeles.com կայքը: