ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Դոկտ. Ալինա Դուրեան նշանակուած է Լոս Անճելըսի Հանրային առողջապահութեան յանձնաժողովի փոխատենապետ: Ան Օգոստոս 2018ին, յանձնաժողովին անդամ նշանակուած էր Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քաթրին Պարկըրի կողմէ։
Դոկտ. Դուրեան 2011էն մինչեւ նախորդ տարեշրջան Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի տնօրէնն էր, իսկ ներկայիս Լոս Անճելըսի Քալիֆորնիոյ համալսարանի (UCLA) կիրառութեան բաժանմունքի փոխտնօրէնն է: Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի որոշումով, ան համաճարակի ամէնէն վատ օրերուն, առաջատար դեր ստանձնած էր համաճարակին տարածումը զսպելու համար վարակուածները հետապնդելու գործին մէջ, մօտէն գործակցելով Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի եւ Սան Ֆրանսիսքոյի (UCSF) մասնաճիւղերուն հետ:
Ան կը մարզէ Հանրային առողջապահութեան զանազան բաժանմունքներու աշխատողներ:
Դուրեան եղած է UCLA-ի եւ Լոմա Լինտա համալսարանի դասախօս: Իր պսակաւոր գիտութեանց վկայականը ստացած է UCLA-էն, իսկ դոկտորայի վկայականը՝ «Ճանզ Հափքինզ» համալսարանէն:
Դոկտ. Դուրեան նաեւ հանրային առողջապահութեան շարք մը ծրագիրներ իրականցուցած է Հայաստանի եւ Արցախի տարածքին։