ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիա քաղաքին մէջ գտնուող հայկական Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, 1915 թուականէն ի վեր առաջին անգամն ըլլալով, Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ եպս. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ։
Լուրը տեղադրուած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ։

Եկեղեցւոյ վերանորոգութեան վերջին աշխատանքները սկսած էին 2012ին եւ զանազան ուսումնասիրութիւններու, պետութեան վերաբերող հարցերու, ինչպէս նաեւ անբաւարար պիւտճէի պատճառով, մինչեւ 2021 չէին աւարտած: 2021ին անոնք հասան իրենց աւարտին, եւ եկեղեցին 106 տարի ետք, Ս. պատարագով դարձեալ իր դռները բացաւ հաւատացեալներուն առջեւ:
Յիշեցնենք, որ, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն որոշումով, վերակառուցումէն ետք եկեղեցին պիտի ծառայէ նաեւ իբրեւ մշակոյթի կեդրոն: